image

«Լիբանանահայ համայնքը կառավարութեան մէջ պէտք է ունենայ երկու նախարար». Յակոբ Բագրատունի

«Լիբանանահայ համայնքը  կառավարութեան մէջ  պէտք է ունենայ  երկու  նախարար». Յակոբ Բագրատունի

«Հայկական երեսփոխանական պլոք»ի   անդամ եւ ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ  Բագրատունի, ընկերակցութեամբ նախարար՝  Արթիւր Նազարեանի, քիչ առաջ այցելութիւն տուաւ վարչապետարան, ուր   ընդունուեցաւ վարչապետ Սաատ Հարիրիին  կողմէ: Բագրատունի հանդիպման աւարտին լրագրողներուն  հետ խօսելով յայտնեց, որ իրենք վարչապետին առաջարակած են կազմել 32 նախարարներէ բաղկացող կառավարութիւն մը, որուն երկու անդամները պէտք է ներկայացնեն հայ  առաքելական  համայնքը: Հայ  երեսփոխանը նաեւ ըսաւ, որ վարչապետին  առաջարկած  են, որ վերջ տրուի «անկախական»   նախարարական աթոռներու  մօտեցման եւ նախարարական  աթոռները բաշխուին   հաւասար  կերպով՝ պահելով հերթափոխութեան կարեւոր սկզբունքը:  Նշենք, որ ներկայիս  վարչապետ Թամմամ Սալամի կազմած կառավարութեան մէջ  լիբանանահայութիւնը կը ներկայացնէ   նախարար  Արթիւր Նազարեան (ներկայացնելով՝ Հ.Յ.Դ.ն), որ ստանձնած է ելեքդրականութեան եւ ջերմուժի նախարարի պաշտօնը: