«Յանկարծ խանութի տղաներէն մէկուն հեռաձայնը զարկաւ եւ լուր եկաւ, որ «քէպսէի» (ոստիկանական խուզարկումի) պիտի գան: Շտապ զանգեց վերի սենեակներուն եւ բոլորին հրահանգեց հեռանալ: Շուտով խանութին մետաղեայ դռները փակուեցան: Աղջիկները անշուշտ ներսը մնացին, իսկ տղաները անհետացան: Այդ օրը երկու բան սորվեցայ: Առաջին՝ տեսայ, որ խանութին տէրերը նախօրոք լուր կը ստանան ոստիկանական հաւանական խուզարկումներու մասին: Երկրորդ՝ սորվեցայ նոր խանութի մը հասցէն: Ծոցէն եկած երկու-երեք տղայ կար հոն: Անոնց լիբանանցի ընկերները իրենց ուրիշ խանութ տարին, որպէսզի «գիշերը պարապի չերթայ»: Ես ալ ինքնաշարժովս հալածեցի եւ սորվեցայ նոր խանութին վայրը»:
30 տարեկան լիբանանահայ Թոնիին (կեղծ անուն, պահելու համար անձին ինքնութիւնը) նշած «խանութը» իրականութեան մէջ մարմնավաճառներու բազմաթիւ կեդրոններէն մէկն է, տարածուած երկրով մէկ, բայց մասնաւորաբար Ճիւնիի շրջանին մէջ: Սոյն դէպքը պատահած է տարիներ առաջ, սակայն Թոնիի «խանութ» այցելութիւնները շարունակուեցան, նոյնիսկ հռչակաւոր «Silver B» եւ «Chez Maurice» խանութներու փակումէն կարճ ժամանակ առաջ:
Մարտի աւարտին եւ Ապրիլի առաջին օրերուն, ներքին ապահովութեան ուժերը շարք մը հաղորդագրութիւններով յայտարարեցին մարդու եւ սեռային վաճառականութեան մեծագոյն երկու ցանցերը վնասազերծելու եւ վերոյիշեալ զոյգ «խանութները» փակելու մասին: Կ'ըսեն խանութ, որովհետեւ այդ վայրերը կը բաժնէին սովորական վաճառատան մը բոլոր յատկանիշերը՝ կառոյց, սեփականատէր, յաճախորդ, պաշտօնեայ, նիւթական վճարումներ, ընտիր հաւաքածոյ, աշխատանքային ժամեր, նաեւ որոշակի օրէնքներ: Միակ տարբերութիւնը այն էր, որ նշեալ խանութներուն մէջ առաջարկուածը սովորական սպառման նիւթ չէր, այլ ծառայութիւններ, սեռային ծառայութիւններ:
Մարտի աւարտին տեղի ունեցած խուզարկումներէն ետք, ապահովական ուժեր քանի մը առիթներով յայտարարեցին Պէյրութի եւ անոր հիւսիսային ու հարաւային արուարձաններուն մէջ մարմնավաճառներու, սեռային վաճառականութիւնը դիւրացնող անձերու ձերբակալութեան մասին: Խուզարկումներէն զերծ չմնացին նաեւ կարգ մը «Poker»-ի խանութներ որոնք, օրինական ըլլալով հանդերձ, կը մատուցէին նաեւ այլ, ապօրինի ծառայութիւններ: Հանրութեան մօտ ստեղծուեցաւ այն տպաւորութիւնը, թէ իշխանութիւնները վերջապէս որոշած են պայքարիլ նշեալ վտանգաւոր համարուող երեւոյթին դէմ: Միաժամանակ սակայն, առաջադրուած են բազմաթիւ հարցադրումներ, որոնք մասնաւորաբար կասկածի տակ կ'առնեն նշեալ խուզարկումներու ժամանակը, լրջութիւնը, իսկական նպատակները, հրապարակուած պաշտօնական յայտարարութիւններուն եւ տուեալներուն ճշմարտացիութիւնը:
Այսպիսի խանութներու օրինական-ապօրինի ըլլալու հանգամանքը բազմիցս քննարկուած է: Լիբանանեան օրէնքով, մարմնավաճառութիւնը արգիլուած է, սակայն Թոնին եւ իրեն տարեկից Ճոն ու Ճէքը (դարձեալ լիբանանահայ երկու երիտասարդներու կեղծ անուններ) մեզի հետ զրոյցի ընթացքին կը նշեն անունները նման առնուազն 18 վայրերու, Համրայէն մինչեւ Թապարժա, անցնելով Մքէլլէսէն, Անթիլիասէն, Ճիւնիէն եւ Մաամըլթէյնէն, ուր անոնք այցելած են տարիներու ընթացքին: Սեռային ծառայութիւններ մատուցող ենթադրաբար ապօրինի խանութներու բացայայտ աշխուժութիւնը հետեւաբար մտածել կուտայ, թէ անոնց տրուած էր աշխատանքային որոշակի ազատութիւն: Այս յօդուածի քննարկման շրջագիծէն դուրս կը գտնուի «խանութներու» օրինականութեան եւ յանցագործութիւններու ենթադրեալ քողարկումի փաստագրական արծարծումը, սակայն լիբանանահայեր Թոնիի, Ճոի եւ Ճէքի անձնական փորձառութենէն քաղուած տեղեկութիւնները գուցէ պարզաբանեն ապահովական ուժերու յայտարարութիւնները, զանոնք վերահաստատեն կամ ժխտեն: Երիտասարդներուն փոխանցածը պէտք չէ անպայման ընդունիլ որպէս կտրուկ ճշմարտութիւն. ի դէպ, անոնք յաճախ կը հակասեն զիրար, սակայն լուսարձակներ կը սեւեռեն խանութներու որոշ մութ նրբանցքներուն մէջ կատարուածին վրայ: Ճոի, Ճէքի եւ Թոնիի հետ մեր զրոյցը կեդրոնացաւ գլխաւոր երկու խանութներուն՝ «Silver B»-ի եւ «Chez Maurice»-ի վրայ, սակայն կացութիւնը ընդհանուր առմամբ նոյնն է նմանօրինակ շատ մը այլ վայրերու մէջ՝ որոշակի շեղումներով:
Տարիներու փորձառութիւն
Ճէքին «խանութ» յաճախելու հնարաւորութիւնը ընձեռնեցին հօր պաշտօնեաները, որոնք աշխատանոցին մէջ կը խօսէին իրենց բազմաթիւ արկածախնդրութիւններուն մասին: Ան կը պատմէ, թէ ինչպէս նշեալ խանութներուն ծանօթացաւ 21-րդ դարու առաջին տարիներուն, երբ տակաւին անչափահաս էր: Թոնիի նման, Ճէք կը նախընտրէր խանութ երթալ ընկերներով, միշտ գիշերուայ ուշ ժամերուն, թէեւ խանութները բաց էին երեկոյեան առաջին ժամերէն մինչեւ արեւածագ: Յստակ տարբերութեամբ, Ճոն խանութ կ'այցելէր առանձին, աշխատանքային զանազան ժամերու ընթացքին: Վերջին երկու տարիներուն ընթացքին, ան փակուած երկու վայրերը յաճախած է աւելի քան 50 անգամ: «Ինծի շատ լաւ կը ճանչնային այնտեղ: Ներկայանալով որպէս բժիշկ, յատուկ կարգավիճակ կը վայելէի պաշտօնեաներուն եւ աղջիկներուն մօտ», կ'ըսէ Ճօ: Հակառակ համեմատաբար օրինական եւ պաշտօնապէս գրանցուած գիշերային այլ ակումբերու գոյութեան, երիտասարդները ա՛յս «խանութները» կը նախընտրէին՝ իրենց յարմար գիներուն համար:
«Նուէրը չէինք մոռնար»
«Եթէ անփորձ ես, կը խօսէին տոլարով, 50-էն սկսեալ: Սակայն ապահովական ուժերուն յայտարարութիւնը ճշգրիտ է: Բոլորը գիտեն, որ իսկական սակը կը տատանի 50 հազարի եւ 100-ի միջեւ: Տարբերութիւնն ալ կախեալ է ծառայութիւններէն օգտուելու ժամանակահատուածէն», կ'ըսէ Ճէք եւ կը բացատրէ, թէ ինչպէս վճարումը կը կատարուէր կանխիկ՝ խանութը տնօրինող «50-նոց» կնոջ, նախքան ընտրութիւն կատարելն ու սենեակ ուղղուիլը: «Աշխատող աղջիկները կայուն եւ յստակ աշխատավարձ չունէին: Կը վճարուէին աշխատանքի յաճախականութեան համեմատ: Խանութի մուտքին, մեծ տետրակի մը մէջ կ'արձանագրէին ամէն ինչ՝ անունները, ժամերը: Այն աղջիկները որոնք աւելի պահանջուած էին, բնականաբար կը վայելէին առաւելութիւններ», կը պատմէ Ճօ սակայն կը հերքէ ապահովական ուժերու այն յայտարարութիւնը, որ աղջիկներուն ուղղակիօրէն գումար չէր վճարուեր: Ճէք եւ Թոնի համաձայն են: Երիտասարդներուն խօսքով, աղջիկներուն մեծամասնութիւնը «իքրամիյէ» (նիւթական նուէր) կը պահանջէր, իսկ չվճարելու պարագային կրնար «բաւական վատ ծառայութիւն մատուցել»: «Գիտեմ հայ տղայ մը, որ նիւթական նուէրի փոխարէն կեղծ գոհարեղէն (faux bijoux) կուտար աղջիկներուն», կը պատմէ Թոնի, աւելցնելով. «կարգ մը խանութներու մէջ վերջերս սկսան աւելորդ ծախսեր հնարել»: Օրին մէկը, ան նոյնիսկ յաջողած էր գումարը ետ վերցնել, որովհետեւ գոհ չէր մատուցուած ծառայութենէն: Բայց տղաքը գտած էին «լաւագոյնը» ստանալու ձեւը:
Last Seen
«Ես ունէի որոշ նախասիրութիւններ: Բոլոր այցելութիւններուս ընթացքին փոխած եմ միայն երեք աղջիկներ: Որպէսզի խանութի մուտքին չսպասեմ, շահեցայ տնօրինող կնոջ՝ Մ.-ին (կը խուսափինք նշել ամբողջական անունը) վստահութիւնն ու հեռաձայնի թիւը: Պատուէրս հեռաձայնով կը փոխանցէի, ճշդուած ժամուն խանութ կը հասնէի եւ առանց ոեւէ անձի հետ խօսելու, ուղղակի գործի կ'անցնէի», կը պատմէ Ճօ: Ի դէպ, Թոնին ցոյց տուաւ Մ.-ի WhatsApp-ին «Last Seen»-ը՝ Մարտ 27, ժամը 22:18, ճիշդ այն օրերուն, երբ տեղի ունեցան ապահովական ուժերու խուզարկումներն ու ձերբակալութիւնները: «Տեղեկութիւնները իրաւացի են, թէ գրեթէ բոլոր աղջիկները սուրիացի էին, սակայն անչափահասի չեմ հանդիպած: Ընդհանրապէս, անոնք կը փորձէին իրենց տարիքը նուազեցնել՝ գուցէ յաճախորդին հրապուրելու համար: Շատեր ամուսնացած էին, ունին զաւակներ», կը հաստատէ Ճօ: Թոնի սակայն վստահ է 17 տարեկան անչափահասի մը հանդիպելուն, նաեւ համոզուած, որ նոյն ցանցը կը վարէր քանի մը վայրեր եւ աղջիկները յաճախ կը տեղափոխէր խանութէն խանութ: Ճէք իր կարգին կը նշէ, թէ նուազագոյնը 7-8, առաւելագոյնը մինչեւ 20 աղջիկ տեսած է միաժամանակ, նոյն խանութին մէջ: «Անոնց թիւը կը փոխուէր եղանակին համեմատ: Ձմրան կիսուն եւ ամառը աւելի մեծ կ'ըլլար պահանջարկը, նաեւ կը բազմանար աղջիկներուն թիւը», կը հաստատէ Ճէք: Սակայն արդեօք ո՞ւր կը մնային անոնք:
Սուտերու աշխարհ
Ապահովական ուժերը պաշտօնապէս յայտարարեցին, որ նախնական խուզարկումներուն ընթացքին վերոյիշեալ երկու վայրերէն, մարդու վաճառականութենէ ազատագրած են մօտ 75 աղջիկներ, որոնք պահուած էին ապրուստային անտանելի պայմաններու մէջ: Ըստ պաշտօնական տուեալներուն, աղջիկներուն խափելով Լիբանան կը բերէին: Երեք լիբանանահայ երիտասարդները ունին հակասական բացատրութիւններ: Ճօ եւ Ճէք կը պնդեն, որ աղջիկները բառին իսկական առումով բանտարկուած չէին, այլ մեծ մասամբ կամովին կ'աշխատէին եւ միասնաբար կ'ապրէին մօտակայ պանդոկի մը մէջ, նոյնիսկ ունէին որոշ ազատութիւններ: «Այս մարդու վաճառականութիւն չէր: Անոնք ինծի կը պատմէին, թէ արձակուրդի կը մեկնին Սուրիա՝ իրենց ընտանիքներուն մօտ: Նոյնիսկ անոնցմէ մէկը կամովին լքեց գործը, երկար տարիներու ծառայութենէ ետք», կ'ըսէ Ճօ: Թոնի սակայն կ'ըսէ, որ աղջիկներուն վարդագոյն պատմութիւնները շինծու են: «Սենեակին մէջ դուն կը ստես, իրենք կը ստեն: Ես վստահ եմ, որ անոնք կը քնանային խանութի այդ սենեակներու նոյն անկողիններուն վրայ: Վստահ եմ, որովհետեւ օր մը յետմիջօրէին այցելեցի, տնօրէնը ներս գնաց եւ աղջիկներուն արթնցուց», կը պատմէ ան: Թոնի նաեւ կը խօսի սենեակներուն մէջ տեսախցիկներու գոյութեան մասին՝ ներկայացնելով ապացոյցեր: «Միշտ կը փորձէի խօսիլ իրենց «վարպետին», աշխատանքի պայմաններուն մասին: Պարզապէս կը մերժէին պատասխանել ըսելով. «գործէն գոհ ենք»: Չէին ուզեր վարպետին ցուցմունքները եւ ներքին օրէնքները խախտել՝ նոյնիսկ փոխան գումարի», կը բացատրէ ան: Երիտասարդը նաեւ ծածկուած պատուհաններուն մէջ նկատած է մետաղեայ ձողեր, փախուստ կանխարգիլելու բացայայտ միջոց: Տղաքը անհամաձայն են նաեւ բռնութիւններուն հարցով:
Կապտուկներուն գաղտնիքը
Ապահովական ուժերը բացայայտեցին ֆիզիքական ահաւոր տառապանքի՝ ծեծի եւ սեռային խոշտանգումներու մասին: Նաեւ ցուցադրուեցան լուսանկարներ: Արդեօք աղջիկները ստրուկնե՞ր էին: Ճէք կը հաւատայ, որ «խանութի տէրերուն համար աղջիկներուն բարօրութիւնը աւելի կարեւոր էր, քան յաճախորդը գոհացնելը»: «Սեռային առումով, որոշ կարմիր գիծեր կային սենեակներուն մէջ: Վայրագութիւն արտօնուած չէր: Տնօրինողները կը յարգէին աղջիկներուն, առաւելագոյնը կոշտ կը խօսէին իրենց հետ, ոչ աւելին: Աղջիկը նոյնիսկ իրաւունք ունէր մերժելու յաճախորդին», կ'ըսէ Ճէք: Թոնի սակայն կը պնդէ, որ «ամէն ինչ կապ ունի համաձայնածիդ հետ, յաճախ յաւելեալ գումարի փոխարէն»: Երեքն ալ կը խոստովանին, որ կապտուկներ նկատած են աղջիկներու մարմիններուն վրայ, սակայն մինչ Ճօ եւ Ճէք զանոնք կը վերագրեն անզգոյշ շարժումներու եւ կատակներու, Թոնի կ'ըսէ, թէ «տեսածներս անկարելի է որ սխալմամբ եղած ըլլան»: Ուրեմն բռնութի՞ւն՝ «վարպետին» եւ յաճախորդներուն ձեռամբ: Տակաւին չենք խօսիր մաքրութեան մասին:
Մտահոգուիլը՝ անտեղի
Խուզարկումներուն եւ ձերբակալութիւններուն ծիրին մէջ, ապահովական ուժերը կալանաւորեցին բժիշկ մը եւ անոր օգնականը, աւելի քան 200 բռնի վիժումի ապօրինի գործողութիւններ կատարելու յանցանքով: Ճօ եւ Ճէք բացատրութիւն չունին: Անոնց համաձայն, աղջիկները յղութիւն կանխարգիլող դեղեր կ'առնէին, սեռային յարաբերութիւնները ապահով էին՝ օրէնքով, սակայն Թոնի կը հաւատայ, որ այս եւս ենթակայ էր աղջիկներուն հետ համաձայնութեան, ուստի կարելի չէր բացառել չպաշտպանուած յարաբերութիւններու առկայութիւնը: Երիտասարդները կը խոստովանին, որ յաճախ կը մտածէին սեռային փոխանցիկ հիւանդութիւններով վարակուելու վտանգին մասին, սակայն աւելի յարմար ընտրանք չունէին: «Սկիզբը հոգդ չըլլար, սակայն տուն վերադառնալու ատեն վստահ կը մտածես այդ մասին: Աղջիկներէն իւրաքանչիւրը օրական բազմաթիւ յաճախորդ կ'ընդունի: Թիւը կրնայ հասնիլ մինչեւ 20-ի: Նոյնիսկ եթէ առաջքը առնես, սխալներ կրնան պատահիլ: Մտահոգուեցայ մասնաւորապէս, երբ ծանօթ մը այս վայրերուն մէջ սեռային հիւանդութեամբ վարակուեցաւ», կը պատմէ Ճէք: Ճօ դժգոհութեամբ կը պատկերացնէ փակուած խանութներէն մէկուն 10 սենեակներու փոքր տարածքը, Air Condition-ներու բացակայութիւնը: «Մաքրութեան համար 10-ի վրայ միայն մէկ կուտամ: Ներսը միայն հովահար կար», կը բողոքէ ան, իսկ Ճէք ծիծաղելով խորհուրդ կուտայ. «լոգցած պէտք չէ երթալ, թեթեւ գինով պէտք է ըլլալ սակայն ոչ բոլորովին հարբած, մաքրութեան մասին պէտք չէ մտածել: Տեղը վճարուած սակին համեմատ է: Եթէ մաքրութիւն է պահանջուածը, աւելի սուղ տեղեր կան»: Երեք երիտասարդները նաեւ երբեք երկար չեն խորհած ու մտահոգուած անվտանգութեան մասին: Անոնք զէնք տեսած են «խանութի տղոց» մօտ, սակայն թմրանիւթ բացարձակապէս արգիլուած էր: «Քէպսէն (ապահովական խուզարկում) եւ բռնուիլը միշտ հաւանական էր, սակայն մեծ հարց մը չէր: Մեր ըրածը ոճիր չէր», կ'ըսեն Ճոն ու Ճէքը:
Կարգաւորում է պէտք
Հարցը այստեղ չաւարտիր սակայն: Երիտասարդները կը պատմեն «առանձին գործ բացած» մարմնավաճառներու, նաեւ վերջերս յայտնուած «Delivery»-ի դրութեան մասին: Անոնք վստահ են, որ հանրային հաստատութիւններու պաշտօնեաներ կը պաշտպանեն ոլորտը, որպէս ապացոյցը համարելով խանութներու բացայայտ եւ դիւրահաս վայրերը, մօտակայ շէնքերու բնակիչներու բողոքներուն անտեսումը, խուզարկումներուն մասին նախօրոք տեղեկացումը: Անոնք նոյնիսկ կը հաւատան, որ աղջիկներէն շատեր գուցէ ստած են բռնութիւններուն մասին, որպէսզի համարուին զոհեր, ոչ թէ մեղսակիցներ:
Այս բոլորը ենթադրութիւններ են սակայն: Ինչ որ ալ ըլլայ իրականութիւնն ու ճշմարտութիւնը, անհրաժեշտ է պատասխաններ պահանջել արշաւը ճիշդ ա՛յս հանգրուանին շղթայազերծելու որոշումին ու անոր հետապնդած իսկական նպատակներուն մասին: Այսուհանդերձ գնահատելի է, որ ապահովական ուժերը վերջ ի վերջոյ որոշած են քայլերու ձեռնարկել սեռային ծառայութիւններ մատուցող ապօրինի եւ անկանոն հաստատութիւններուն դէմ: Կարեւորը սակայն՝ հետեւողականութիւնն է, ոչ թէ ժամանակաւոր-ցուցադրական հետապնդումով, որոշ անձեր հարուածելով՝ այլ ցանցերու աշխատանքային առաւելութիւն տալը: Իսկ կարեւորագոյնը՝ նշեալ ոլորտի հանրային քննարկումն է, նաեւ յստակ արդիական օրէնքներու մշակումը՝ պաշտպանելու համար հաւանական զոհերը, կանխարգիլելու մարդու ապօրինի վաճառականութիւնը եւ սահմանափակելու վտանգաւոր հիւանդութիւններու տարածումը:
Նշեալ ոլորտը բացարձակապէս նորութիւն մը չէ Լիբանանի մէջ (եւ այլուր): Ի դէպ, որքան ալ տհաճ թուի մեր տրամաբանութեան եւ բարոյեական համոզումներուն, սեռային ծառայութիւններու մատուցումը պատմութեան հնագոյն ասպարէզներէն մէկը կը համարուի եւ վստահաբար պիտի չսնանկանայ: Ուստի «ամօթի» խորագրին տակ իրականութիւններէն խուսափելով ո՛չ կը պաշտպանուին աղջիկները, ո՛չ կը բացայայտուին իսկական յանցագործները, ո՛չ կը նուազին հիւանդութիւնները, ո՛չ ալ կը տապալուի փտածութիւնը: Թէ արդեօք Լիբանանի պետութիւնը այսօր ի վիճակի՞ է նման հարց լուծելու համար ժամանակ տրամադրելու եւ ջանք ներդնելու, ապա այդ բոլորովին այլ խնդիր է:
Շիրազ Ճէրէճեան
«Արարատ»