ԱՄՆ հետախուզական հանրութիւնը հրապարակած է 2026 տարուան զեկոյցը՝ ԱՄՆ անվտանգութեան հիմնական սպառնալիքներու վերաբերեալ, ուր առանձնակի տեղ յատկացուած է Չինաստանի, Ռուսիոյ, Հիւսիսային Քորէայի, Իրանի եւ Փաքիստանի կողմէ բխող միջուկային սպառնալիքներուն։
«ԱՄՆ-ի միջուկային զսպման յուսալի ներուժը կը շարունակէ ապահովել մեր անվտանգութիւնը այստեղ՝ հայրենիքի մէջ։ Սակայն Չինաստանը, Ռուսիան, Հիւսիսային Քորէան, Իրանը եւ Փաքիստանը կ՚իրականացնեն միջուկային եւ սովորական մարտագլխիկներով հրթիռներու առաքման շարք մը նոր, առաջադէմ կամ աւանդական համակարգերու հետազօտութիւններ եւ մշակումներ, որոնք ունակ են հարուածելու մեր երկրի տարածքին»,– նշուած է զեկոյցին մէջ։
Բացի այդ, նշուած է, որ, հակառակ հարուածային անօդաչու թռչող սարքերու աճող տարածման, Չինաստանը, Իրանը, Հիւսիսային Քորէան, Փաքիստանը եւ Ռուսիան պիտի շարունակեն առաջնահերթութիւն տալ առաջադէմ հրթիռներուն, որոնք կրնան սպառնալիք ներկայացնել ԱՄՆ-ի համար։