«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ լիբանանահայ բժիշկ՝ Մկրտիչ (Մկօ) Գէորգեան:
- Պէյրութի մէջ ընթացող վերջին գործընթացները արդեօք ինչ որ քաղաքական նպատակ կը հետապնդե՞ն եւ որո՞ւ կողմէ:
Լիբանանի մէջ բան մը չկայ, որ քաղաքականցուած չէ: Վերջին օրերու ցոյցերն ու ճամբաներ փակելը անպայման քաղաքական նպատակներ կը հետապնդեն։
Մեր մօտ քաղաքականութիւնը այնպիսի փակուղիի մը առջեւ կը գտնուի, ուր ոչ առջեւ երթալ կայ եւ ոչ ետեւ: Վերջին փորձերը կը կատարեն երկու հակադիր ուժերը՝ նախագահով եւ նշանակեալ վարչապետով ներկայացուած, որովհետեւ տեղ մը հասած են, որ այլեւս կարելի չէ շարունակել: Ո՛չ կրնան կառավարութիւն կազմել, ոչ կրնան առաջ տանիլ երկիրը, որ ալ այսպէս չի ղեկավարուիր: Հասած ենք այն տեղը, ուր Լիբանան ամբողջովին ուղղակի անդունդի մէջ կը գտնուի:
- Ինչպիսի՞ն են այսօր լիբանանահայութեան մտահոգութիւններն ու մտավախութիւնները: Ի՞նչ են առկայ խնդիրները:
Վերջին պայթումը, որ եղաւ 4 օգոստոսին, որուն հետեւանքով ալ վնասուող շրջանները մեծ մասամբ հայահոծ շրջաններ էին, հարիւրաւոր ընտանիքներ տուներ կորսնցուցին, հարիւրաւոր գործատեղիներ վերջնականապէս փակուեցան, եւ մարդիկ անգործ մնացին: Տակաւին դանդաղօրէն, շատ չնչին ձեւով հազիւ կեանքը կը վերադառնայ իր բնականոն հունին: Անշուշտ հայութիւնը կարելի չէ առանձնացնել ընդհանուր Լիբանանէն, որ ճիշդ է լաւ վիճակի մէջ չէ, բայց կը գոյատեւէ: Լիբանանը միշտ ալ այսպիսի տագնապներէ անցած է, ասիկա ոչ առաջինն է եւ ոչ ալ վերջինը պիտի ըլլայ:
- Կը խօսուի, որ եթէ այսպէս շարունակուի եւ կառավարութիւնը եւ Կեդրոնական դրամատունը պիտի չկարողանան դրամական հոսքեր ապահովել կամ ֆինանսապէս նեցուկ տան այն ապրանքատեսակներոււն որոնք կը ներածուին եւ անհրաժեշտութիւն կը համարուին։ Խօսք կայ, որ եթէ այդ փուլին մտնէ երկիրը նախ պիտի ըլլայ շատ մեծ գնաճ յետոյ երկիրը պիտի մտնէ սովի համընդհանուր փուլ մը: Դուք ի՞նչ կ'ակնկալէք այդ առումով իրապէս կա՞յ սովի վախը Լիբանանի մէջ:
Լիբանանը արդիւնաբերական մեծ երկիր մը չէ, այսօր երկրի ամբողջ տնտեսութիւնը փոխկապակցուած է ներմուծման ոլորտին հետ եւ ապրանքներուն 80 տոկոսէն աւելին, կը ներմուծուի արտասահմանէն: Կեդրոնական դրամատունը նշաններ կու տայ թէ ինք այլեւս կարող չէ եւ ամենաշատը մինչեւ մէկ ամիս եւս կրնայ տարադրամով ապահովել պետական օժանդակութեան ենթակայ ներմուծումները, ինչպէս օրինակ՝ դեղերը, վառելանիւթը եւ սնունդի մէկ մասը, եւ կը կարծեմ այդ ալ մօտ օրէն պիտի դադրի: Գիները այնպիսի սղութիւն արձանագրած են, որ ժողովուրդի 90 տոկոսը արդէն կորսնցուցած է իր բնականոն ապրուստ ապահովող գնողունակութեան ուժը եւ այդ մէկը պատկերը ալ աւելիով ծանր կը դարձնէ։
- Գիտենք, որ արեւմտեան երկիրները այս մեծ ճնշումները կը բանեցնեն ոչ միայն ազդելու Լիբանանի մէջ ընթացող քաղաքական գործընթացներուն վրայ, այլ նպատակ ունենալով «Հըզպալլա»ն ծունկի բերել։ Այդ առումով ի՞նչ կարծիք ունիք. արեւմուտքի այս ոճը դրական յոյս մը պիտի տա՞յ Լիբանանին:
Այլեւս արեւմուտք չենք կրնար ըսել: Միջին Արեւելքի մէջ նոր բեւեռացում մը կայ, Լիբանանն ալ վերջին 15 տարուայ ընթացքին իրանեան «դիմադրութեան» բեւեռին մաս կազմած է եւ այդպէս ալ կը շարունակէ, կորսնցնելով արաբական երկիրներու նեցուկն ու արաբ վաղեմի գործընկերներու բարեկամութիւնը, անշուշտ բացի Սուրիայէն: Այս պատկերին մէջ ալ Լիբանան չի կրնար օժանդակութեան սպասել։ Օրինակ երէկ՝ Սէուտական Արաբիոյ ներկայցուցիչը յայտարարեց, որ թագաւորութիւնը պատրաստ չէ օգնելու Լիբանանին, իսկ վարչապետ Հարիրիի ճամբորդութիւնները, կարծես ապարդիւն են: Իմ կարծիքով, քաղաքականօրէն Լիբանանին բեւեռներու կողմ դառնալը ժողովուրդին օգտին չեղաւ: Յուսամ հրաշք մը կատարուի եւ լուծում մը ստեղծուի, որովհետեւ դժբախտաբար այսօր Լիբանանն ալ շրջանային ազդեցիկ ուժերուն ձեռքը խաղաքարտ եղած է ինչպէս Եէմէնը, Սուրիան եւ շատ մը այլ երկիրներ:
- Շատեր կ'ըսէին, որ նախքան Հայաստանի այս պատերազմը, լիբանանահայութիւնը մեծ թիւերով պիտի գաղթէր եւ հաստատուէր Հայաստանի մէջ, սակայն պատերազմը ամէն ինչ շրջափոխեց: Այսօր ի՞նչ տրամադրութիւններ կը տիրեն Հայաստանի նկատմամբ:
Լիբանանահայութիւնը ընդհանրապէս Հայաստանի նկատմամբ մեծ յոյսեր ունի, ան չէ կորսնցուցած իր հայրենասիրութիւնը: Բայց այդ շրջանակը, որ կ'ակնկալուէր, որ պիտի գաղթէ, աշխատող դասակարգը պիտի ըլլար, սակայն Հայաստանէն հասնող լուրերը այնքան ալ խրախուսիչ չեն, նախապէս գացող ու հոն հաստատուողները լաւ վիճակի մէջ չեն գտնուիր: Մի մոռնաք, որ այստեղի 4 օգոստոսի պայթումէն ետք, շատ շատեր անգործութեան մատնուեցան, տարադրամի բարձրացումը, նաեւ դրամատուները պահ դրուած գումարները, որ կարելի է կորսուած համարել, կամ ամէնէն լաւ պայմաններուն անոնոց միայն 10 տոկոսը ձեռք բերել... եւ այս պայմաններով շատ դժուար պիտի ըլլայ մարդոց համար քաղաքէն դուրս ելլել կամ հայրենադարձութեան մասին մտածել: Ժողովուրդը այնպիսի վիճակի մէջ է, որ օրապահիկը, զաւակներուն օրուայ հացը ապահովելու մասին կը մտածէ, հետեւաբար դժուար է այսօր ձեռնարկել այդպիսի մեծ որոշումներու։ Նաեւ Հայաստանէն ալ չենք տեսներ օժանդակութիւն մը, կամ քաջալերանք մը, որ եկէք Հայաստան եւ մենք կ'ապահովենք դիւրութիւններ, նման այլ երկիրներու, ուր օրինաւոր գաղթ կազմակերպուեցաւ: Ի վերջոյ հասկնալի պատճառներով հայրենադարձութեան օրակարգը այսօր սառած է։
- Որպէս լիբանանահայ, ի՞նչ մտավախութիւններ ունիք կապուած Հայաստանի մէջ տիրող իրավիճակին, եւ ի՞նչ կ'ակնկալէք:
Լիբանանը տարիներու ընթացքին եղած է ամբողջ սփիւռքի սիրտը, աշխարհի սփիւռքահայութեան կեդրոնները հիմնուած են Լիբանանի մէջ, ամբողջ հայապահպանման մշակոյթը, զոր ունեցած է սփիւռքահայութիւնը Լիբանանին մէջ աճած է, անշուշտ այսպիսի զգացումներով գաղութ մը չի կրնար հեռու մնալ Հայաստանի ներքին իրավիճակէն, կամ այն քաղաքական բեւեռացումէն, որ նաեւ եղաւ Հայաստանի մէջ: Որպէս լիբանանահայութիւն, այսօր մենք առօրեայ կեանքի առումով, ահռելի եւ բարդ տագնապի մէջ ենք։ Մէկ կողմէն «Քորոնա»ն, միւս կողմէն սղաճը, անգործութիւնը, տարադրամի բարձրացումը, ո՞ր տագնապին մասին մտածենք: Դեռ չըսենք լոքտաունները (տեղաշարժման սահմանափակում եւ համընդհանուր փակում), որոնք յաճախակի դարձան , եւ որուն հետեւանքով հազարներ իրենց գործերը կորսնցուցին: Լիբանանահայ գաղութը իր ողջ կեանքի ընթացքին թերեւս այսպիսի դրութեան մը մէջ չէր գտնուած, ազգային կամ հոգեւոր կառոյցներն ալ շատ բան չեն կրնար ընել, որովհետեւ հարիւրաւոր կարիքաւոր ընտանիքներու մասին չէ խօսքը, այլ ամբողջ գաղութի մը։ «Քորոնան» նոր պայմաններ ստեղծեց աշխարհով մէկ, եւ հայերն ալ այս աշխարհին մէկ մասնիկն են։