image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանան շատ արագ կերպով նոր կառավարութիւն պիտի ունենայ.Al Qabas

Լիբանան  շատ արագ կերպով նոր կառավարութիւն պիտի ունենայ.Al Qabas

Քուէյթեան  «Ալ  Քապաս»  թերթի  հաղորդմամբ  Լիբանան   առաջիկայ օրերուն   նոր կառավարութիւն պիտի ունենայ։

 

 Թերթի  աղբիւրները, որ այս մասին     տեղեկություն  հաւաքած են  կապ հաստատած են իշխանութեան մօտիկ  պատասխանատուներու հետ։

 

 Նոյն  աղբիւրները  նաեւ հաղորդած են, որ   Լիբանանի նորանշանակ  վարչապետ  Հասսան  Տիապին  առջեւ   մեծ  պատուարներ  չկան եւ  ան շատ արագ    քայլերով  պիտի  յաջողի նոր կառավարութիւն  կազմելու պատասխանատու գործն  իրականացնել։

 

 

 Կը նշուի նաեւ, որ   եթէ  Տիապ  կարողանայ   իր  ուսերուն  դրուած  առաքելութիւնն իրականացնել, ապա  երկար  ժամանակէ  ի վեր առաջին անգամ ըլլալով Լիբանան  պիտի օժտուի   միագոյն  կառավարութիւնով,  եւ    տապալած  պիտի ըլլայ  «ազգային  միասնութեան»    կառավարութիւն  կազմելու     փոխընտրանքը։

 

 Քուէյթեան      թերթը նաեւ նկատել կու տայ, որ  վերջին  տարիներուն «ազգային միասնութեան»   գաղափարով  կազմուած կառավարութիւնները արդիւնաւէտ   չեն եղած  տնտեսական եւ ընկերային  բարդ դրութեան  մէջ  գտնուող  Լիբանանին  համար։