Լիբանանի մէջ առկայ տնտեսական տագնապը շատ ծանր փուլ մը մտած է։
Պետական մարմիններու կողմէ երեւելի դարձած դրամական անկարողութիւնը Լիբանանը դարձուցած է «պաշարուած երկիր»։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ լիբանանեան լրասփիւռներէ, որոնք նաեւ կը հաղորդեն, որ երկրին մէջ մազութի սուր պակասին հետեւանքով շարք մը կենսական ոլորտներ կրնան ամբողջապէս «անդամալուծուիլ»։
Այս կենսական ոլորտներէն կը համարուի համացանցի (ինթէրնեթ) ոլորտը, որուն մասին ալ օրերս խօսած է երկրի հեռահաղորդակցութեան պետական կառոյցի (օժէրո) տնօրէն ՝ Իմատ Քրայտիյէ։
Քրայտիէ, որ դվիթերի իր էջով կարճ գրառում մըն ալ կատարած է, նշած է,թէ եթէ իրավիճակը այս հունով մնայ ապա Լիբանան 15 օրէն պիտի կտրուի աշխարհէն ու անոր համացանցի բոլոր ծառայութիւնները պիտի դադրին։
Նշենք, որ նոյն ծանր վիճակին մէջ յայտնուած են նաեւ, հացի փուռերը, հիւանդանոցները, եւ այլ կենսական նշանակութիւն ունեցող կառոյցները։
Կը մնայ հիմնական հարցադրումը, արդեօ՞ք Լիբանան մտած է համընդհանուր փլուզման փուլը։