Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան ղեկավար Ռիատ Սալամա յայտարարած է, որ դրամատունը կը պատրաստուի յառաջիկայ մէկ տարուան ընթացքին երկու միլիառ տոլար արժողութեամբ միջազգային արժեթուղթեր վաճառել:
«Ռօյթըրզ» լրատուական գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին Սալամա նշած է, որ արժեթուղթերու վաճառքը տեղի պիտի ունենայ կառավարութեան պարտքերու փոխանակման ծիրին մէջ, որոնց արժէքը կը կազմէ 5,5-6 միլիառ տոլար, ըստ Ելեւմուտքի նախարարի յայտարարութեան:
Այս առթիւ, կառավարութիւնը տոլարային տարադրամով 5,5-6 միլիառ տոլար արժողութեամբ նոր արժեթուղթեր կը պատրաստուի թողարկել, որոնք պիտի նպաստեն Կեդրոնական դրամատան հիմքերն ուժեղացնելու, եւ հնարաւորութիւն պիտի ընձեռեն լիբանանեան լիրայով եւ աւելի փոքր տոկոսով պարտքեր տրամադրել կառավարութեան: