Քուէյթի «Ալ-Անպաա» թերթը կը գրէ, որ Իսրայէլի Լիբանանին ուղղուած զգուշացումները սկսած են քննարկումներուն լուրջ օրակարգ դառնալ: Խօսքը յատկապէս կը վերաբերի Իսրայէլի շտապի պետ Կապի Այզընքոթի Հարաւային Լիբանանի եւ Պէյրութի «ամբողջական քանդում»ին մասին վերջերս կատարած սպառնալիքներուն:
«Ալ-Անպաա»ի համաձայն, Պէյրութի մէջ մէկէ աւելի բացատրութիւն տրուած է այս ուղղակի սպառնալիքին: Ոմանք ան դիտած են որպէս Իսրայէլի կողմէ Լիբանանին՝ հարաւային շրջանի նաւթի եւ կազի պաշարներէն օգտուիլը արգիլելու ջանքերու շարունակութիւն, որ այժմ եւս կը շրունակէ՝ փորձելով արգելք կանգնիլ Փարիզի մէջ «Սիտըր 1» համաժողովէն Լիբանանին օգուտներուն, որ կրնայ իրեն տնտեսական աջակցութիւն ապահովել: Միւս կողմէ ուրիշներ այն կարծիքը յայտնած են, որ սա Իսրայէլի ցանկութիւնն է, որ իր դէմ «գաւազան բարձրացուցած» ուժերուն դէմ ժողովրդական ուժ ապահովէ, մանաւանդ 6 մայիսի օրէնսդրական ընտրութիւններու նախօրէին, ապահովելու համար իր կայունութիւնը:
Սակայն Լիբանանի շուրջ միջազգային մեկնաբանութիւնները ցոյց կու տան, որ Իսրայէլի կողմէ հարցին այսքան մեծ եւ սուր ձեւով շօշափումը աւելի շատ ներքին հարցերու մէջ կէտ արձանագրելու համար է, քան Լիբանաի դէմ ռազմական լուրջ սպառնալիքի մտադրութիւն: