Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութենէն կը տեղեկանանք, որ նախագահ Բակօ Սահակեան 15 մայիսին այցելած է հանրապետութեան հարաւային սահմանագիծերէն մէկը: Նախագահ Սահակեան, տեղւոյն վրայ ծանօթանալով զինուորներու ծառայութեան ընթացքին եւ տիրող իրավիճակին, համապատասխան յանձնարարականներ տուած է՝ դրուած խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ:
Նախագահին ուղեկցած են նաեւ պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեանը եւ պաշտօնատար այլ անձեր: