image

Լեւոն Տէր-Պետրոսեանը Դուրս Եկած է Հիւանդանոցէն

Լեւոն Տէր-Պետրոսեանը Դուրս Եկած է Հիւանդանոցէն

Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիր նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանը, որ 2016-ի Յունուար 15-ին ԱՄՆ Կլէնտէյլ քաղաքի «Glendale Memorial» հիւանդանոցին մէջ ենթարկուած էր աղիքային քաղցկեղի վիրահատութեան, ետվիրահատական բուժումէն ետք Տեր-Պետրոսեան Յունուար 24-ին դուրս եկած է հիւանդանոցէն, այս մասին կը տեղեկանանք անոր գրասենեակի պաշտօնական մամլոյ հաղորդագրութենէն: Նշենք, որ Տէր-Պետրոսեան այժմ ապաքինման շրջանի մէջ է եւ կը մնայ իր ազգականներու մօտ: