image

Կրակոցներ նախկին պատգամաւորին պատկանող ճաշարանին մէջ. Կայ մէկ զոհ

Կրակոցներ նախկին պատգամաւորին պատկանող ճաշարանին մէջ. Կայ մէկ զոհ

Կոտայքի մարզի մէջ այս գիշեր կրակոցներ հնչած են։ Ժամը 02:10-ի սահմանին ոստիկանութեան Աբովեանի բաժին ահազանգ ստացուած է Աբովեանի եւ Երեւանի քանի մը հիւանդանոցներէ, որ հրազէնային եւ մարմնական վնասուածքներով իրենց մօտ տեղափոխուած են քանի մը քաղաքացիներ, մէկը` մահացած։

Ինչպէս կը յայտնէ shamshyan.com–ը, ոստիկաններն ու քննիչները պարզած են, որ մահացածն ու վիրաւորները հիւանդանոցներ տեղափոխուած են Աբովեան քաղաքին մէջ գործող ԱԺ նախկին պատգամաւոր «Շշի Մելօ» մականուամբ Մելիքսէթ Մանուկեանին պատկանող «Պարտէզ» ճաշարանային համալիրէն:

Ըստ կայքի` ճաշարանի բակն ու յարակից տարածքը մարտի դաշտ կը յիշեցնէ:

Գործի դրուած է քանի մը տեսակի զէնքեր, այդ շարքին «Մաքարով» եւ «TT» տեսակի ատրճանակներ, ճաշարանի եւ յարակից տարածքին մէջ յայտնաբերուած են մեծ թիւով կրակուած պարկուճներ, գնդակներ, արնանման հետքեր, երկաթէ լինկ, որուն վրայ առկայ է արեան հետք, եւ արիւնոտ գլխարկ:

Ճաշարանի խուցերէն մէկուն մէջ յայտնաբերուած են խաղաքարտեր, այդ խուցը քննիչի որոշմամբ փակուած է, որպէսզի յատուկ փորձագէտները զննութիւն կատարեն:

Ոստիկաններն ու քննիչները կը պարզեն սպանուածի եւ 8 վիրաւորներու ինքնութիւնը:

Փաստի առթիւ քննչական վարչութեան պետ Մ. Վարդանեանի որոշմամբ ստեղծուած է քննչական խումբ եւ խումբի ղեկավարի որոշմամբ յարուցուած է քրէական գործ։

Կայքի տեղեկութիւններով` վիրաւորներու մէջ են ԱԺ նախկին պատգամաւոր Մ. Մարտիրոսեանի ազգականները: