image

«Հըզպալլա»-ի զինաթափումը հնարաւոր է Իսրայէլի ուժերու դուրսբերումէն ետք․ Լիբանանի նախագահ

«Հըզպալլա»-ի զինաթափումը հնարաւոր է Իսրայէլի ուժերու դուրսբերումէն ետք․ Լիբանանի նախագահ

Լիբանանի նախագահ Ժոզեֆ Աուն յայտարարած է, թէ «Հըզպալլա»-ի զինաթափումը կարելի է միայն շարք մը պայմաններու կատարումէ ետք, որոնց շարքին՝ Լիբանանի տարածքէն իսրայէլեան բանակի ամբողջական հեռացումը։ Այս մասին յայտնած է Լիբանանի նախագահական գրասենեակը։

««Հըզպալլա»-ն կրնայ զինաթափուիլ, եթէ անկեղծ ըլլանք այն մասին, թէ իրականութեան մէջ ի՛նչ կը պահանջուի՝ բռնագրաւման վերացում, բանակի կողմէ ամբողջական վերահսկողութեան ստանձնում եւ վերաշինութեան ծրագիր, որ բացառապէս պետութեան կողմէ պիտի ղեկավարուի», -ըսած է Աուն՝ Միացեալ Նահանգներ կատարած իր պաշտօնական այցելութեան ընթացքին, Ուաշինկթընի մէջ Լիբանանի դեսպանատան կազմակերպած ընթրիքի ժամանակ ունեցած իր ելոյթին մէջ։

Ան աւելցուցած է. «Լիբանանը չի կրնար անվտանգ եւ միասնական ըլլալ, եթէ ինք միասնական պետութիւն չէ՝ մէկ բանակով, որ կը պաշտպանէ բոլոր լիբանանցիները՝ առանց խտրականութեան»։

Իր կարգին, Միացեալ Նահանգներու մէջ Լիբանանի դեսպան Նատա Համատա Մուաւատ յայտարարած է, որ նախագահ Աունի այցելութիւնը կ՚արտացոլէ Պէյրութի յանձնառութիւնը՝ ամրապնդելու Ուաշինկթընի հետ իր պատմական յարաբերութիւնները եւ աշխատելու՝ իրագործել լիբանանցի ժողովուրդի ձգտումները՝ ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ անվտանգութեան գծով։

Ուաշինկթընի մէջ Լիբանանի դեսպանատան կազմակերպած ընթրիքին մասնակցած են նաեւ ԱՄՆ Քոնկրեսի շարք մը անդամներ եւ ամերիկեան վարչակազմի պաշտօնատարներ։

 

Ուաշինկթըն կատարած իր այցելութեան ընթացքին Աուն հանդիպում ունեցած է նաեւ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։