image

ԱՄՆ-ն Իրանի դէմ պատերազմի վրայ ծախսած է աւելի քան 37 միլիառ տոլար․ Հեկսեթ

ԱՄՆ-ն Իրանի դէմ պատերազմի վրայ ծախսած է աւելի քան 37 միլիառ տոլար․ Հեկսեթ

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Փիթ Հեկսեթ պատմած է, թէ մինչ այժմ որքան արժեցած է Իրանի դէմ պատերազմը՝ Միացեալ Նահանգներու համար։ Ան այս մասին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի յատկացումներու յանձնաժողովին առջեւ իր ելոյթի ընթացքին։ Այս մասին կը հաղորդէ BBC-ն։

Հեկսեթ յայտարարած է, որ ներկայ դրութեամբ Իրանի հետ պատերազմը Միացեալ Նահանգներուն արժեցած է մօտ 37.5 միլիառ տոլար, որ գրեթէ 8 միլիառ տոլարով աւելի է, քան մայիս ամսուն հրապարակուած վերջին գնահատականները։

Ան նաեւ շեշտած է, որ օրէնսդիրները պէտք է շտապ կերպով հաստատեն Փենթակոնի լրացուցիչ՝ 87 միլիառ տոլարի ֆինանսաւորումը, որմէ 67 միլիառ տոլարը նախատեսուած է Միջին Արեւելքի մէջ իրականացուող գործողութիւններուն համար։