image

Տանըլտ Թրամփ Ժոզեֆ Աունի հետ հանդիպման խոստացած է օգնել Լիբանանին

Տանըլտ Թրամփ Ժոզեֆ Աունի հետ հանդիպման խոստացած է օգնել Լիբանանին

ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփ Սպիտակ տան մէջ Լիբանանի նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ հանդիպման ընթացքին խոստացած է օգնել Լիբանանին։ Աուն Միացեալ Նահանգներ ժամանած էր Իսրայէլի եւ «Հըզպալլա»-ի միջեւ ամիսներ տեւած պատերազմէն ետք երկարատեւ խաղաղութեան հասնելու նպատակով։ Այս մասին կը տեղեկացնէ The Associated Press-ը։

«Լիբանանը շատ վատ վերաբերմունքի արժանացած վայր եւ երկիր է, եւ մենք անոր պատշաճ կերպով պիտի վերաբերինք ու պիտի ցուցաբերենք այն յարգանքը, որուն ան արժանի է։ Մենք շատ պիտի օգնենք անոր»,– ըսած է Թրամփ՝ դիմելով Աունին, որ յուլիս 21-ին աւարտած է իր քառօրեայ այցը Ուաշինկթըն։

Իսրայէլի բանակի՝ Լիբանանէն դուրս գալու մասին Թրամփ նշած է, որ «անոնք այդ ընելու գործընթացի մէջ են», սակայն այլ մանրամասնութիւն չէ հաղորդած։

Աուն հանդիպման ընթացքին նշած է, որ խաղաղութեան վերաբերեալ իր եւ Թրամփի տեսլականները կը համընկնին։

«Նախագահ Թրամփի տեսլականը կը համընկնի Լիբանանի եւ ամբողջ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան վերաբերեալ իմ տեսլականի հետ, եւ մենք միասին պիտի կարենանք հասնիլ այդ նպատակին»,– ըսած է Աուն։

Ժամեր անց Թրամփ հանդէս եկած է անակնկալ յայտարարութեամբ՝ նշելով, որ պիտի արտօնէ ամերիկեան օդային փոխադրող ընկերութիւններու՝ աւելի քան 40 տարուան ընդմիջումէ ետք առաջին անգամ վերսկսիլ դէպի Լիբանան ուղիղ թռիչքները։

«Ես իմ վարչակազմիս յանձնարար եմ արտօնել բոլոր ամերիկեան օդանաւային ընկերութիւններուն ուղիղ թռիչքներ կատարել դէպի Լիբանան, որ ամերիկացիները դիւրութեամբ կարենան այցելել այս գեղեցիկ երկիրը։ Յուսամ՝ այլ երկիրներ ալ նոյնը պիտի ընեն»,– յայտարարած է Թրամփ Truth Social հարթակին վրայ։

Թրամփի հետ բանակցութիւններու վերաբերեալ Լիբանանի նախագահական գրասենեակը յայտնած է, որ հանդիպումը վերահաստատած է երկու երկիրներու միջեւ պատմական գործընկերութիւնը եւ կեդրոնացած է Լիբանանի կայունութիւնն ու բարգաւաճումը ամրապնդելու համար անհրաժեշտ անվտանգային, քաղաքական եւ տնտեսական առաջնահերթութիւններու վրայ։

«Նախագահ Աուն շեշտած է Իսրայէլի՝ Լիբանանի տարածքէն ամբողջական եւ անյապաղ դուրսբերման անհրաժեշտութիւնը՝ ընդգծելով, որ ասիկա հիմնարար քայլ է կայունութեան ամրապնդման եւ Լիբանանի պետութեան՝ սեփական ուժերով իր ինքնիշխանութիւնը լիարժէք իրագործելու ուղղութեամբ»,– նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։

 

Հաղորդագրութեան համաձայն՝ կողմերը նաեւ քննարկած են Լիբանանի զինուած ուժերուն ամերիկեան աջակցութեան ամրապնդումը, երկու երկիրներու միջեւ բոլոր ոլորտներու մէջ համագործակցութեան զարգացումը, տնտեսական վերականգնման եւ վերականգման աջակցութիւնը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ ամերիկեան ներդրումներու խրախուսումը։