Տ. Մաշտոց վրդ. Զահթերեան նշանակուած է Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Կիւմրիի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ ժողովրդապետ: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հայաստանի հայ կաթողիկէ առաջնորդարանի մօտիկ կանգնող աղբիւրէ մը:
Նշենք, որ երէկ 22, հոկտեմբեր 2017-ին Կիւմրիի Սրբոց Նահատակաց Աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին Հայր Մաշտոց ստացած էր վարդապետական աստիճան:
Վարդապետական աստիճանի տուուչութիւնը կատարած էր Արեւելեան Եւրոպայի, Վրաստանի եւ Հայաստանի հայ կաթողիկէ առաջնորդ. Տ. Ռաֆայէլ արք. Մինասեան, որ նախագահած էր արարողութեանց եւ յաւուր պատշաճի պատգամ մը ուղղած՝ հաւատացեալներուն:
Սուրբ պատարագէն ետք նորանշանակ ժողովրդապետը Սուրբ Հաղորդութիւն տուած էր հաւատացեալներուն:
«Արեւելք» այս առթիւ յաջողութիւն կը մաղթէ նորանշանակ ժողովրդապետին հաւատալով, որ ան գործելով Առաջնորդ գերապայծառի կողքին անսասան պիտի պահէ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին եւ փայլուն կերպով կատարէ իրեն վստահուած առաքելութիւնը: