Այսօր Պէյրութի մէջ իր յաւիտենական հանգիստը գտած է Հայ կաթողիկէ համայնքի հովուապետ եւ պատրիարք Տէր Գրիգոր Ի. Կապրոյեան: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պէյրութի իր աղբիւրէն:
Նշենք, որ Արքեպիսկոպոս Կապրոյեան պատրիարք ընտրուած էր 25 Յուլիս 2015 թուականին: Ան վերջին շրջանին ունեցած է առողջական խնդիրներ, որուն հետեւանքով ալ տարբեր առիթներով ներկայացած է հիւանդանոց, համապատասխան բուժումներ ստանալու:
Յիշեցնենք, որ նախքան պատրիարք ընտրուիլը, ան ծաւալած է կրօնական բեղուն գործունէութիւն եւ երկար ամեակներ (36 տարի) վարած է Ֆրանսայի կաթողիկէ հայոց թեմի առաջնորդի պաշտօնը:
Պատրիարք հօր վերջին օծման, ինչպէս նաեւ անոր կենսագրական տուեալներուն պիտի անդրադառնանք աւելի ուշ:
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի: