image
Հրատապ լուրեր:

Գերպ. Պետրոս արք. Միրիաթեան՝ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական կառավարիչ

Գերպ. Պետրոս արք. Միրիաթեան՝ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական կառավարիչ

Բերիոյ Կաթողիկէ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերպ. Տ. Պետրոս արք. Միրիաթեան այսօր ստանձնած է Պատրիարքական Կառավարիչի պաշտօն։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան դիւանէն։

Տարածաուած յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս գրուած է. «Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Դիւանը կը տեղեկացնէ թէ, յետ վախճանման Երջանկայիշատակ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին եւ ցորքան թափուր կը մնայ Պատրիարքական Աթոռը,

Արհիապատիւ Տէր Պետրոս Արք. Միրիաթեան, Առաջնորդ Բերիոյ թեմի Կաթողիկէ Հայոց եւ անդամ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Մնայուն Սիւնհոդոսին, կը դառնայ Պատրիարքական Կառավարիչ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ, ըստ Արեւելեան Եկեղեցիներու Կանոնագրքի թիւ 127 կանոնին»։