image
Հրատապ լուրեր:

Կիւմրի.Հայ կաթողիկէ եկեղեցին ունի նոր ժողովրդապետ յանձինս ՝ Տ. Մաշտոց վրդ. Զահթերեան

Կիւմրի.Հայ կաթողիկէ եկեղեցին ունի նոր ժողովրդապետ  յանձինս ՝ Տ. Մաշտոց   վրդ. Զահթերեան

    Տ. Մաշտոց վրդ.  Զահթերեան նշանակուած է Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Կիւմրիի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ ժողովրդապետ: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հայաստանի  հայ կաթողիկէ առաջնորդարանի  մօտիկ կանգնող աղբիւրէ մը:

 Նշենք, որ երէկ 22, հոկտեմբեր 2017-ին Կիւմրիի Սրբոց Նահատակաց Աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած Սուրբ  Պատարագի ընթացքին Հայր Մաշտոց ստացած էր վարդապետական աստիճան:

 

   Վարդապետական աստիճանի տուուչութիւնը կատարած էր Արեւելեան Եւրոպայի, Վրաստանի եւ Հայաստանի հայ կաթողիկէ առաջնորդ. Տ. Ռաֆայէլ արք. Մինասեան, որ նախագահած էր արարողութեանց եւ յաւուր պատշաճի պատգամ մը ուղղած՝ հաւատացեալներուն:

 

  Սուրբ պատարագէն ետք նորանշանակ ժողովրդապետը Սուրբ Հաղորդութիւն տուած էր հաւատացեալներուն:

 

 


 

 «Արեւելք» այս առթիւ յաջողութիւն կը  մաղթէ նորանշանակ ժողովրդապետին հաւատալով, որ ան գործելով Առաջնորդ գերապայծառի կողքին անսասան պիտի պահէ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին եւ փայլուն կերպով կատարէ իրեն վստահուած առաքելութիւնը: