image

Կիրակի օր զոհուած սպային հոգեհանգիստն ու յուղարկաւորութիւնը պիտի կատարուին Աբովեան քաղաքին մէջ

Կիրակի օր զոհուած  սպային հոգեհանգիստն ու յուղարկաւորութիւնը պիտի կատարուին Աբովեան   քաղաքին մէջ

Այսօր երեկոյան Աբովեան քաղաքին մէջ  կը կայանայ 17 յուլիսին Էրէբունի  շրջանի ոստիկանական կեդրոնին մօտ եղած  փոխհրաձգութեան   հետեւանքով  զոհուած 49-ամեայ գնդապետ Արթուր Վանոյեանի  հոգեհանգստեան արարողութիւնը:  Հոգեհանգիստը տեղի  պիտի  ունենայ ժամը 18:00-ին Աբովեան քաղաքին մէջ  (հասցէ՝ 10-րդ փողոց 20 Ա տուն): Ոստիկանութեան գնդապետ Արթուր Վանոյանի վերջին հրաժեշտը  պիտի կատարուի  20  յուլիս ժամը 13:00-ին: Այս  մասին տեղեկութիւնը  տրուած է ՀՀ ոստիկանութեան հասարակայնութեան   հետ կապերու   եւ   լրատուութեան  վարչութիւնէն:  Նշենք, Գնդապետ Վանոյեան ոստիկանութեան համակարգին մէջ կը գործէր թուականէն  սկսեալ: Ան  ամուսնացած էր եւ հայր երեք զաւակներու: Նշենք, որ կիրակի օր   «Սասնայ ծռեր»   անունով յայտնի խմբակը  իր տիրապետութեան  տակ առած էր  Էրէբունի  շրջանի պահակային կեդրոնը եւ պատանդ վերցուցած հոն գտնուող ոստիկանները:  Ներկայիս կեդրոնին մէջ, որպէս պատանդ կը պահուին    5   ոստիկաններ: Խնդրին  խաղաղ հանգուցալուծում ապահովելու համար կը տարուին բանակցութիւններ եւ  որպէս գլխաւոր միջնորդ    երեւելի աշխատանք  կը տանի  «Հիմնադիր խորհրդարան»ի պատասխանատուներէն ՝ Ալեք Ենիգոմշեան: