image

Խրղխզստանի նախագահական ընտրութիւններուն յաղթած է գործող նախագահի հովանաւորեալը

Խրղխզստանի նախագահական ընտրութիւններուն յաղթած է գործող նախագահի հովանաւորեալը

ԽրղԽզստանի Կենդոնական ընտրական յանձնաժողովի նախնական տուեալներուն համաձայն՝ երէկ իրականացուած նախագահական ընտրութիւններուն յաղթած է նախագահամէտ Սոցիալ-դեմոկրատական կուսակցութեան թեկնածու, երկրի նախկին վարչապետ Սոորոնպայ Ժենպեկովը:

 

Ինչպէս կը հաղորդէ DW.com-ը, քուէաթերթիկներու մէկ մասը հաշուած յանձնաժողովը յայտնած է, որ վերջինս հաւաքած է ձայներու 54.2 տոկոսը, մինչդեռ անոր մրցակիցի՝ ընդդիմադիր Օմուրբէկ Պապանովի օգտին քուէարկած է ընտրողներու 33.6 տոկոսը: Ընտրութիւններուն նախնական յայտը կազմած է 54 տոկոս:

 

ԿԸՀ-ի աշխատակիցներու խօսքով՝ ելեկտրոնային ընտրատուփերու օգտագործման շնորհիւ ընտրութիւններու արդիւնքները յայտնի կը դառնան քուէարկութեան աւարտէն ետք 1-2 ժամուան ընթացքին: Իսկ պաշտօնական արդիւնքները կը հրապարակուին բոլոր ընտրատեղամասերուն մէջ հաշուարկներու աւարտէն քանի մը օր անց:

 

Ժենպեկովին կը համարեն գործող նախագահ Ալմազբեկ Ատամբաեւի նախընտրածն ու «հովանաւորեալ»ը: Ատամբաեւը, օրէնքի համաձայն, ստիպուած է ձգել երկրի ղեկավարի պաշտօնն այն 6 տարի զբաղեցնելէ ետք: