ԱՄՆ պետական քարտուղար Մայք Փոմփէոն յայտարարած է, որ Ուաշինկթընը նոր պատժամիջոցներ կը սահմանէ Սուրիոյ դէմ «Կեսարի օրէնքի» շրջածիրէն ներս: Ինչպէս կը փոխանցէ ТАСС գործակալութիւնը, պատժամիջոցներու պիտի ենթարկուին նաեւ Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ասատը եւ անոր կինը՝ Ասման:
Նշուած է նաեւ, որ պատժամիջոց պիտի սահմանուի Ասատի եւ անոր կնոջ նկատմամբ: Ամերիկեան նոր պատժամիջոցները, որոնք կը սահմանուին այսպէս կոչուած՝ «Կեսարի օրէնք»ի կամ Սուրիոյ քաղաքացիներու պաշտպանութեան օրէնքի (CAESAR Syria Civilian Protection Act) շրջագիծէն ներս, չեն տարածուիր մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու գործընթացի վրայ: