image
Հրատապ լուրեր:

«Կարսի փողոցներուն մէջ հայերու որսին սկսի՞նք» ըսող թուրք գործիչը կրնայ 7.5 ամսուան բանտարկութեան դատապարտուիլ

«Կարսի փողոցներուն մէջ հայերու որսին սկսի՞նք» ըսող թուրք գործիչը կրնայ 7.5   ամսուան բանտարկութեան   դատապարտուիլ

Թուրքիոյ մէջ 25 Մայիսին աւարտած է խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանի կողմէ անցեալ տարի ներկայացուած հայցին հիման վրայ ընթացող դատավարութիւնը: Փայլան դատարանէն պահանջած էր հայերուն սպառնալու յանցանքով պատասխանատուութեան ենթարկել ազգայնամոլ «Գորշ գայլեր»ու Կարսի երիտասարդական թեւին ղեկավարը: «Հիմա ի՞նչ. մենք ալ Կարսի փողոցներուն մէջ հայերու որսին սկսի՞նք»,- ունեցած իր արտայայտութեան համար, դատարանը Թոլկա Ատըկիւզելը դատապարտած է 7,5 ամսուան բանտարկութեան եւ 11,240 թրքական լիրա (մօտաւորապէս 3800 տոլար) տուգանքի, սակայն դատավճիռի գործադրութիւնը յետաձգուած է՝ նկատի առնելով, որ ենթական նախապէս դատապարտուած չէր: Վերոնշեալ սպառնալիքը կատարուած էր 2015-ի Յունիս 21ին, Անիի աւերակներուն մէջ հանրայայտ դաշնակահար Տիգրան Համասեանի կազմակերպած համերգէն ետք, ինչ որ «վրդովեցնող» նկատուած էր ազգայնամոլ ղեկավարին կողմէ։ Քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ Փայլան Կարսի դատարանին վճիռը բնութագրեց իբրեւ «յուսադրող քայլ»: «Ատելութիւն պարունակող արտայայտութիւնները ճամբայ կը հարթեն ատելութեան հողին վրայ կատարուող յանցագործութիւններու։ Պիտի շարունակենք պայքարը այլատեացութիւն ու ատելութիւն պարունակող որեւէ յանցագործութեան դէմ, յանուն արդարութեան եւ հասարակական համերաշխութեան», -աւելցուց Փայլան: