Իր նշանակումէն անմիջապէս ետք Լիբանանի նորանշակ վարաչպետ Մուսթաֆա Ատիպ այցելեց Պաապտայի նախագահական պալատ եւ հանդիպում ունեցաւ նախագահ զօր. Միշէլ Աունին հետ։
Ատիպ, որ հանդիպումէն ետք լրագրողներուն հետ կարճ զրոյց մ՚ունեցաւ մասնաւորապէս ըսաւ, որ նոր կազմուելիք կառավարութիւնը պիտի ըլլայ արհեսավարժներու եւ մասնագէտներու կառավարութիւն մը։
Ատիպ մասնաւորապէս ըսաւ «Արհետսավարժներու կառավարութիւն պիտի կազմենք եւ դադրեցանք տնտեսական եւ ընկերային մեծ անկումը։ Կարեւոր եւ ճակատագրական փուլի մը առջեւ է Լիբանանը եւ մեր երկրի քաղաքական բոլոր ուժերը լաւապէս հասկցած են այդ մէկը։
Իսկ խօսքս լիբանանցիներուն ուղղելով կ՚ըսեմ, վստահ եղէք որ ցաւէն եւ տառապանքէն դուրս պիտի գանք եւ այդ մէկը մեր ճակատագիրն է»։