image

Կառավարութեան առաջին նիստը Փաշինեանի գլխաւորութեամբ՝ 11 մայիսին

Կառավարութեան առաջին նիստը Փաշինեանի գլխաւորութեամբ՝ 11 մայիսին

Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան առաջին նիստը՝ նորընտիր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ղեկավարութեամբ՝ պիտի կայանայ 11 մայիսին: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ կառավարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:

«ՀՀ կառավարութեան հերթական նիստը տեղի պիտի ունենայ 11 մայիսին, ժամը 11:00-ին»,- նշուած է կառավարութեան յայտարարութեան մէջ:

Յիշեցնենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի 8 մայիսի յատուկ նիստով կայացած անուանական, բաց քուէարկութեամբ՝ «Ելք» խմբակցութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեան ընտրուեցաւ ՀՀ վարչապետ: Փաշինեանի օգտին կողմ քուէարկեց 59, դէմ՝ 42 պատգամաւոր:

Համաձայն ՀՀ Սահմանադրութեան՝ Կառավարութիւնը կը կազմաւորուի վարչապետ նշանակուելէն ետք՝ տասնհինգօրեայ ժամկէտի ընթացքին: Իր նշանակումէն ետք՝ վարչապետը, հնգօրեայ ժամկէտի մէջ, Հանրապետութեան նախագահին կ'առաջարկէ փոխվարչապետներու եւ նախարարներու թեկնածուները: Կառավարութեան կազմաւորումէն ետք՝ քսանօրեայ ժամկէտի ընթացքին, վարչապետը Ազգային ժողով կը ներկայացնէ Կառավարութեան ծրագիրը:

ԱԺ-ն Կառավարութեան ծրագիրին հաւանութիւն կու տայ եօթնօրեայ ժամկէտի ընթացքին` պատգամաւորներու ընդհանուր թիւի ձայներուն մեծամասնութեամբ: Եթէ ԱԺ-ն հաւանութիւն չի տար Կառավարութեան ծրագիրին եւ չ՝ընտրեր նոր վարչապետ, ուստի ԱԺ-ն կ՝արձակուի իրաւունքի ուժով: Եթէ Ազգային ժողովը կ՝ընտրէ վարչապետը, սակայն կրկին հաւանութիւն չի տար Կառավարութեան ծրագիրին, ուստի Ազգային ժողովը կ՝արձակուի իրաւունքի ուժով: