Սուրիոյ Իտլիպ նահանգի հարցը գերակշռող տեղ պիտի ունենայ այսօր Ռուսաստանի մէջ տեղի ունենալիք Էրտողան-Փութին հանդիպման ընթացքին: Այս մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ «Ալ-Ժատիտ» լրատուական կայանը:
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ ղեկավարները, Իտլիպէն բացի, պիտի քննարկեն նաեւ Սուրիոյ նոր սահմանադրութիւն կազմելու հարցը եւ այդ առումով կը սպասուի նաեւ, որ կարեւոր որոշումներու յանգին:
Աղբիւրը կը նշէ, որ շատ հաւանական է, որ յառաջիկայ փուլին Մուսկուա նախաձեռնէ «Ասդանա 3» ժողովին, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Թուրքիոյ, ինչպէս նաեւ Իրանի ղեկավարները:
Յիշեցնենք, որ այս տարուան ընթացքին Էրտողան-Փութին հանդիպումը երկրորդն է իր տեսակին մէջ եւ առաջին հանդիպման ընթացքին կարեւոր մանրամասներ քննարկուած էին, յատկապէս Իտլիպի շուրջ եւ երկու ղեկավարները հասած էին կարեւոր ձեռքբերումներու:
Փութին իր կարգին այսօր նախատեսուած հանդիպման մասին խօսելով, նշած է, որ այսօրուան հանդիպումը շատ կարեւոր է, եւ հակառակ անոր, որ աւելի վաղ Իտլիպի շուրջ եղած համաձայնութիւնները տակաւին գործի չեն դրուած, սակայն յառաջիկայ փուլին սպասելի է, որ երկու երկիրները կը կարողանան այդ առումով դրական տեղաշարժ ապահովել:
Փութին նաեւ չէ թաքցուցած, որ Իտլիպի հարցը բաւական խրթին է, սակայն իրենք կարեւոր ջանքեր պիտի գործադրեն այդ հարցին լուծում տալու համար: