Սուրիոյ մէջ հաշտութեան ռուսական կեդրոնը յայտարարած է, որ Իտլիպի մէջ ոչ օրինական խմբաւորումներու պատկանող աւլի քան 800 զինեալներ, հրադադարի ռեժիմին մաս կազմելու ժամանակ, անցած են Սուրիոյ կառավարական ուժերուն կողմը:
Կեդրոնը յայտարարութեան մէջ նշած է. «Ցանկին վրայ ստորագրելէ ետք, Իտլիպի հիւսիս-արեւմտեան շրջանին մէջ գտնուող աւելի քան 800 մարդ`միացած է Սուրիոյ կառավարական ուժերուն»:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը աւելի վաղ յայտարարած էր, որ ապօրինի զինեալ խումբերու 10 ղեկավարներ համաձայնած են Սուրիոյ բանակին ենթարկուիլ: