image

Իտլիպ. 800 զինեալներ միացած են սուրիական բանակին

Իտլիպ. 800 զինեալներ միացած են սուրիական  բանակին

Սուրիոյ մէջ հաշտութեան ռուսական կեդրոնը յայտարարած է, որ Իտլիպի մէջ ոչ օրինական խմբաւորումներու պատկանող աւլի քան 800 զինեալներ, հրադադարի ռեժիմին մաս կազմելու ժամանակ, անցած են Սուրիոյ կառավարական ուժերուն կողմը: 

 

Կեդրոնը յայտարարութեան մէջ նշած է. «Ցանկին վրայ ստորագրելէ ետք, Իտլիպի հիւսիս-արեւմտեան շրջանին մէջ  գտնուող  աւելի քան 800 մարդ`միացած է Սուրիոյ կառավարական ուժերուն»: 

 

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը աւելի վաղ յայտարարած էր, որ ապօրինի զինեալ խումբերու 10 ղեկավարներ համաձայնած են Սուրիոյ բանակին ենթարկուիլ: