Իսրայէլեան կառավարութիւնը հաւանութիւն տուած է տասնամեակներ առաջ մահացած խումբ մը երեխաներու գերեզմաններ բանալու եւ RNA-ի քննութիւն կատարելու, կը հաղորդէ «Sky News» լրատուական կայքը:
Աղբիւրին համաձայն, խումբ մը ծնողներ աղմուկ բարձրացուցած են, յայտնելով, որ նախորդ դարու 50-ականներուն իրենց զաւակները առեւանգուած են, եւ բժշկական հաստատութիւններու կողմէ իրենց փոխանցուած է, թէ վերջիններս մահացած են, ու առանց դիակները ծնողներուն յանձնուելու, թաղուած են:
Իսրայէլի գլխաւոր դատախազութիւնը բաւարարած է RNA-ի քննութիւն կատարելու 17 ընտանիքի պահանջը, պարզելու համար, թէ արդեօք որպէս նշուած ընտանիքիներու երեխաներ թաղուած դիակները ազգակցական կապ ունի՞ն վերջիններուս հետ, թէ՝ ոչ:
Տղեկութիւններուն համաձայն, 1948 թուականին յաջորդով տարիներուն եէմէնցի հրեաներու գաղթակայաններուն մէջ հազարաւոր ընտանիքներ իրենց երեխաները կորսնցուցած են, եւ գաղթակայաններու բժիշկները յայտնած են, թէ անոնք մահացած են, մերժելով վերջիններուս դիակները կամ մահուան վկայականները յանձնել ծնողներուն: