Իսրայէլեան լրատուամիջոցները մասնավորապէս զգալի ուշադրութիւն դարձուցած են լիբանանեան ընտրութիւններուն «Հըզպալլա»ի ձեռք բերած յաղթանակին, քննարկելով տարածաշրջանի իրավիճակին վրայ անոր հետեւանքներու, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ «Հըզպալլա»ի ազդեցութեան ուժեղացման հարցերը:
Իսրայէլեան երկրորդ հեռուստակայանը նշած է, որ լիբանանեան ընտրութիւնները «Հըզպալլա»ի թէ' ներքին, եւ թէ արտաքին ուժի ստուգման միջոց է:
Հեռուստակայանին փոխանցմամբ, 9 տարիներէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով լիբանանցիք դուրս կու գան իրենց խորհրդարանական ներկայացուցիչներն ընտրելու, իսկ Իրան եւ Սէուտական Արաբիա քուլիսներու ետին կը փորձեն իրենց դաշնակիցներն առաջ տանիլ:
Հեռուստակայանի արաբական հարցերով վերլուծաբան Իրոն Շնայտրի կարծիքով, «Հըզպալլա» խորհրդարանին մէջ առաւել ազդեցիկ ուժ դառնալով առաւել ազդեցիկ ներկայութիւն պիտի դառնայ կառավարութեան մէջ, բան մը, որ Իսրայէլի համար մտահոգիչ է