Իսրայէլի Ուժանիւթի նախարար Եուվալ Շթայնթզ յայտարարած է, որ Իսրայէլի դէմ սուրիական հողերէն կատարուած որեւէ իրանեան յարձակում կրնայ աւարտիլ Ասատի գահի տապալումով, միաժամանակ ակնարկելով, որ նման պարագայի Ասատ կրնայ մահափորձի ենթարկուիլ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատուական գործակալութիւնը:
Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» թերթին հետ զրոյցի ընթացքին Շթայնթզ շեշտած է, որ եթէ Սուրիոյ կառավարութիւնը թոյլ տայ իրանեան ուժերուն իր հողերը Իսրայէլի դէմ յարձակում իրականացնելու ռազմակայանի վերածելու, այնժամ Իսրայէլ պիտի յայտարարէ Ասատի եւ իր վարչակարգի վախճանը:
Հարցին, թէ արդեօք Իսրայէլ մահափո՞րձ կը պատրաստէ Ասատի դէմ, Եուվալ Շթայնթզ նշած է, որ իր յայտարարութիւնները Իսրայէլի կառավարութեան դիրքորոշումը չեն ներկայացներ: