image

Իսրայէլ Իրանէն ուժեղ չէ. Իսրայէլացի բարձրաստիճան պաշտօնեայ

Իսրայէլ Իրանէն ուժեղ չէ. Իսրայէլացի բարձրաստիճան պաշտօնեայ

Միջին Արեւելքի մէջ լարուածութեան ալիքի բարձրացման առթիւ Իսրայէլի Ազգային անվտագութեան խորհուրդի նախագահ նախկին տեղակալ Այրան Աթսիուն յայտարարած է, որ եթէ «Հըզպալլա» Իսրայէլի եւ Իրանի միջեւ տեղի ունենալիք որեւէ պատերազմի մէջ ընդգրկուի, հետեւաքները Թէլ Աւիւի համար աննախադէմ ողբերգական պիտի ըլլան:

Իսրայէլեան «Հաարէթս» թերթին հետ զրոյցի ընթացքին Աթսիուն իր կարծիքը յայտնած է Իրանի հետ հաւանական պատերազմի մասին, նշելով, որ Իսրայէլ այնքան ուժեղ չէ այդ աւերածութիւնը կանխելու համար: Վերջինս շեշտած է, որ թէեւ Իսրայէլ ի վիճակի է հակահարուած հասցնելու, բայց կասկածելի է, թէ որքանո'վ մխիթարական պիտի ըլլայ Թէլ Աւիւի աւերման դիմաց Պէյրութն աւերուած տեսնելը:

Աթսիունի պնդմամբ, Իսրայէլի եւ «Հըզպալլա»ի միջեւ մինչեւ օրս լուրջ պատերազմ տեղի չէ ունեցած, եւ նման պատերազմի հետեւանքներն աներեւակայելի են, սակայն շեշտած է, որ վերջիններուս միջեւ հաւանական պատերազմ բռնկելու պարագային այն նման պիտի ըլլայ Իրաքի եւ Իրանի միջեւ տեղի ունեցած 8-ամեայ պատերազմին, որոնք ժամանակ մէկ միլիոն մարդ զոհուեցաւ:

Աթսիուն կարծիք յայտնած է, որ Իսրայէլ ռազմական առումով Իրանէն աւելի ուժեղ չէ, եւ աւելի ճիշդ է խելացի մօտեցում դրսեւորել, եւ խուսափիլ Իրանի հետ անմիջական պատերազմի դուրս գալէ: