Աշխարհառչակ միլիառատէր Ուալիտ Պըն Թալալ իշխանը ձերբակալուած է Ռիատի մէջ: Այս մասին նախնական լուրը տրուած է «Ալ Ժումհուրիա» պարբերականը, նշելով, որ Պըն Թալալի ձերբակալումը տեղի ունեցած է թագաւորութեան եւ յատկապէս գահաժառանգ Մոհամմատ Պըն Սըլման իշխանին տնօրինութեամբ կաշառակերութեան դէմ ընթացք առած պայքարի մը ծիրէն ներս: Կը հաղորդուի նաեւ, որ Պըն Թալալ իշխանին կողքին նոյնպէս ձերբակալուած են տասնեակ իշխաններ, որոնք բոլորն ալ կը ներկայացնեն երկրի տնտեսական ոլորտը: Յիշեցնենք, որ Պըն Թալալ իշխանը նախագահ է միջազգային ճանաչում ունեցող ելեւմտական եւ գործարարական տասնեակ ընկերութիւններու: 1955-ի ծնունդ իշխանը որդին է Թալալ Պըն Ապտըլ Ազիզ (Ապտըլ Ազիզ Թագաւորի 18-րդ որդին) իշխանին, որ կը համարուի Սէուտական Արաբիոյ արդի ժամանակներու մեծագոյն գործարարներէն մին:
Պըն Թալալ իշխան նաեւ հիմնադիրն է «Ալ Ուալիտ Պըն Թալալ մարդասիրական կազմակերպութեան», որուն Լիբանանի ընդհանուր տնօրէնն է իշխանի մորաքոյրը ՝ Լէյլա Ալ Սոլհ Համատէն:
Լիբանանի նախկին վարչապետներէն Ռիատ Ալ Սոլհի դուստր ՝ Լէյլա Ալ Սոլհ Հըմատէ կը համարուի հայասէր անձնաւորութիւն մը, ան շօշափելի օժանդակութիւններով սատարած է հայկական տասնեակ բարեսիրական կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու: