image

Իրաքեան Քիւրտիստանի մէջ անկախութեան հանրաքո՞ւէ

Իրաքեան Քիւրտիստանի մէջ անկախութեան հանրաքո՞ւէ

Քիւրտիստանի դեմոկրատական կուսակցութիւնը ու Քիւրտիստանի հայրենական միութիւնը համաձայնած են յանձնաժողով մը ստեղծել, որ պիտի զբաղի Իրաքի Քիւրտիստանի անկախացման հանրաքուէի ձեւի եւ թուականի որոշման գործերով: Այս մասին յայտնած է իրաքեան «Alsumaria News»ը, նշելով, որ համաձայնող կողմերը յայտարարած են, որ Քէրքուք նահանգի վրայ Քիւրտիստանի դրօշը բարձրացնելը իրաւական եւ սահմանադրական արարք է:

 

Երկու կողմերը խորհրդակցական ժողով գումարած են, ուր քննարկած են հանրաքուէի եւ Քիւրտիստանի տարածաշրջանի անկախացման հարցը, ինչպէս նաեւ քննարկած են Իրաքի խորհրդարանին վերջին որոշման պատասխանելու հարցը, որ համաձայն գտնուած էր միայն Քէրքուքի մէջ Քիւրտիստանի ազգային դրօշը բարձրացնելուն, առանց իրաւունք ունենալու նահանգի նաւթի հարցերու տնօրինման: