«Lebanon 24» լրատուական կայքը յօդուած մը հրապարակած է, ուր անդրադարձած է Իրանի, Թուրքիոյ եւ Վենիզուելլայի ազգային արժոյթներու կտրուկ արժեզրկման:
Աղբիւրը դիտել տուած է, որ նշուած երկիրներուն մէջ կարճ ժամանակուան մէջ տեղի ունեցան արժոյթի անկումները, միաժամանակ փորձելով իւրաքանչիւր երկրի պարագային պատճառներ գտնել:
Ինչ կը վերաբերի Իրանին, յօդուածագիրին կարծիքով, արժոյթի անկումը պայմանաւորուած է ԱՄՆ-ի կողմէ պատժամիջոցներ կիրառելու յայտարարութեամբ, որուն յաջորդեց տնտեսական ճգնաժամը:
Աղբիւրին կարծիքով, Իրանի եւ Թուրքիոյ դէմ ԱՄՆ նախագահ Թրաբմի կողմէ կարատուած որեւէ սպառնալից ոճով հրապարակուած թուիթըրեան գրառում բաւարար պատճառ կը հանդիսանայ արժոյթի կտրուկ անկման ու տնտեսական ոլորտի տակնուվրայութեան:
Թուրքիոյ պարագային, լիրայի անկման նպաստեց Անգարայի եւ Ուաշինկթընի յարաբերութիւններու լարումը, հակառակ անոր, որ որեւէ պատժամիջոցներ չկիրառուեցան անոր դէմ:
Անդրադառնալով Վենիզուելլային, աղբիւրը նշած է, որ վերջինիս արժոյթի անկումն սկիզբ առած է 2014 թուականին նաւթի արժէքի անկմամբ, սակայն երկրի վիճակն առաւել սաստկացած է ԱՄՆ-ի կողմէ սահմանուած շատ դաժան պատժամիջոցներու հետեւանքով, որ նաեւ պատճառ դարձած է արժոյթի արժեզրկման: