image

Իրանի մէջ գրանցուած է երկրորդ երկրաշարժ մը. Այն զգացուած է նաեւ Հայաստանի մէջ

Իրանի մէջ գրանցուած է երկրորդ երկրաշարժ մը. Այն զգացուած է նաեւ  Հայաստանի մէջ

23 Փետրուարին, տեղական ժամանակով ժամը 20:00-ին (Կրինիչի ժամանակով ժամը` 16:00-ին) ՀՀ ԱԻՆ Երկրաշարժային պաշտպանութեան տարածքային ծառայութեան կողմէ գրանցուած է հիւսիսային լայնութեան 38.180 եւ արեւելեան երկայնութեան 44.420 աշխարհագրական չափագրումներով Իրան-Թուրքիա սահմանային գօտի՝ Սալմաս քաղաքէն 30 քմ արեւմուտք, օջախի 10 քմ խորութեամբ, 5.9 ուժգնութեամբ երկրաշարժ: 

Կեդրոնային գօտիին վրայ ստորգետնեայ ցնցման ուժգնութիւնը կազմած է 8 աստիճան:

Երկրաշարժը զգացուած է Երեւանի մէջ՝ 3-4 աստիճան,  Արարատի, Սիւնիքի եւ Վայոց Ձորի մարզերուն մէջ 4 աստիճան ուժգնությամբ:

Ըստ «Ռիա Նովոսթի» լրատուական գործակալութեան երկրաշարժի հետեւանքով կայ 9 զոհ եւ աւելի քան 75 վիրաւոր: