image

Հայաստան հասած է «Սփութնիք V» պատուաստանիւթի երկրորդ դեղաչափը

Հայաստան հասած է «Սփութնիք V» պատուաստանիւթի երկրորդ դեղաչափը

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան (COVID-19) համաճարակային իրավիճակի կայունացման նպատակով կը շարունակուի պատուաստումներու գործընթացը, ինչպէս նաեւ` պատուաստանիւթերու նոր խմբաքանակներու ձեռքբերումն ու ներկրումը։

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ 14 հազար երկրորդ դեղաչափ «Sputnik-V» պատուաստանիւթը այս գիշեր հասած է Հայաստան։ Նոյն պատուաստանիւթի համապատասխան քանակի առաջին դեղաչափն արդէն իսկ բաշխուած է առողջութեան առաջնային օղակին ու ռիսքի խումբերու քաղաքացիները կը ստանան իրենց պատուաստումները։