image

Իրանի մէջ եղած ցոյցերը հրահրուած են «դուրս»էն. Նոր Ջուղայի Կաթողիկոսական փոխանորդ

Իրանի      մէջ եղած ցոյցերը   հրահրուած են   «դուրս»էն. Նոր Ջուղայի  Կաթողիկոսական փոխանորդ

Իրանի մէջ բողոքները սադրած են «օտարերկրեայ տարրերը»։ Այս մասին յայտարարած է Նոր Ջուղայի  թեմի կաթողիկոսական   փոխանորդ  Տ. Սիփան ծ. վրդ. Քէչէճեանը  Սպահանի նահանգապետ Մոհսէն Մեհրալիզատէի հետ հանդիպման ընթացքին, կը հաղորդէ Tasnim-ը։

Ան խոր ափսոսանք յայտնած է երկրի մէջ վերջին միջադէպերու, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական բողոքներու ժամանակ յարձակումներու եւ եղած վայրագութիւններու կապակցութեամբ։  «Ցաւօք, որոշները կը ձգտին խռովութիւն բարձրացնել Իրանի մէջ»,- ըսած է արքեպիսկոպոսը՝ նկատելով, որ անկարգութիւնները կազմակերպուած են դուրսէն։

Նշենք, որ Իրանի խոշոր քաղաքներուն Թեհրանի, Մեշհէտի, Սպահանի եւ Ռեշտի մէջ 28 դեկտեմբերէն բողոքի լայնածաւալ գործողութիւններ կ'ընթանան։ Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանին յայտարարած է, թէ բողոքները պայմանաւորուած են ներքին խնդիրներով, սակայն օտար երկիրներու հրահրմամբ։ Տարբեր ԶԼՄ-ներու տուեալներով, երկու տասնեակ մարդ զոհուած է, 450 մարդ ձերբակալուած է։