(Լրատուական Գործակալութիւններ) Իրանցի հարիւրաւոր բողոքարարներ երէկ գիշեր ներխուժած են Սէուտական Արաբիոյ Թեհրանի դեսպանատունը: Անոնք վանկարկումներ ընելով կրակ վառած են դեսպանատան գլխաւոր մուտքի առջեւ: Բողոքի ալիք մը բարձրացած է նաեւ Մաշհատ քաղաքին մէջ, ուր ցուցարարաները կոտրած են իրանեան հիւպատոսարանի պատուհաններու ապակիները: Անոնք նոյնպէս կրակի տուած են շէնքի մէկ մասը եւ վար առած թագաւորութեան դրօշակը: Նշենք, որ այս լարուածութիւնները ընթացք առին, երբ Սէուտական Արաբիոյ կառավարութիւնը մահպատիժ գործադրեց 47 բանտարկեալներու դէմ, որոնց մէջ էր նաեւ Սէուտցի Շիիթ Կրօնաւոր Նըմր Պաքըր Ալ Նըմըրը: Կրօնաւորը տարիէ ի է վեր կը մնար կալանաւորուած, ու անոր դէմ մահապատիժ կրելու մեղադրագիր հրապարակուած էր: