image

Իրանցի Ցուցարարներ Ներխուժեցին Թեհրանի Եւ Մաշհատի Սէուտական Արաբիոյ Դեսպանատուները (Տեսանիւթ)

Իրանցի Ցուցարարներ Ներխուժեցին Թեհրանի Եւ Մաշհատի   Սէուտական Արաբիոյ Դեսպանատուները (Տեսանիւթ)

(Լրատուական  Գործակալութիւններ)  Իրանցի հարիւրաւոր  բողոքարարներ  երէկ գիշեր ներխուժած են    Սէուտական Արաբիոյ     Թեհրանի  դեսպանատունը:  Անոնք  վանկարկումներ  ընելով   կրակ  վառած են դեսպանատան  գլխաւոր  մուտքի առջեւ:    Բողոքի  ալիք մը  բարձրացած է նաեւ Մաշհատ քաղաքին մէջ, ուր  ցուցարարաները   կոտրած են  իրանեան հիւպատոսարանի  պատուհաններու ապակիները: Անոնք  նոյնպէս  կրակի տուած են շէնքի մէկ մասը եւ վար առած   թագաւորութեան  դրօշակը:  Նշենք, որ այս  լարուածութիւնները ընթացք  առին, երբ  Սէուտական Արաբիոյ     կառավարութիւնը  մահպատիժ  գործադրեց    47   բանտարկեալներու դէմ, որոնց մէջ էր նաեւ  Սէուտցի  Շիիթ Կրօնաւոր  Նըմր Պաքըր Ալ Նըմըրը:  Կրօնաւորը    տարիէ ի է վեր կը մնար  կալանաւորուած, ու անոր դէմ   մահապատիժ  կրելու մեղադրագիր հրապարակուած էր: