Իրանի Ազգային անվտանգութեան յանձնաժողովի նախագահի տեղակալ Ապու Ալ Ֆատլ Հասան Պիղի յայտարարած է, որ Իսրայէլ անկարող է սպաննել Ասատը:
«Սփութնիք» լրատուական գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացին ի պատասխան Ասատը սպաննելու վերաբերեալ Իսրայէլի Ուժանիւթի նախարարի սպառնալիքին, Պիղի նշած է, որ Իսրայէլ ոչինչ կրնայ ընել, եւ ոչինչ պիտի ընէ, որովհետեւ Սուրիոյ մէջ Իրանի գոյութիւնն օրինական է, եւ իրանեան ուժերը Սուրիոյ կառավարութեան խնդրանքով այնտեղ կը գտնուին:
Պիղի իր խօսքին մէջ մասնաւորապէս շեշտած է. «Իսրայէլ անկարող է, եւ չի կրնար սպաններ Ասատը»: