Թուրքիոյ նախագահը, անհանգիստ ըլլալով արցախեան սահմանին տեղի ունեցած զարգացումներէն, յարմար առիթ գտած է խօսելու Թուրքիա ապրող 100 հազար հայերուն մասին: Էրտողան, որ այս մասին յայտարարութիւնը կատարած է Խրուաթիա, իր տուած այցին ընթացքին գովերգած է իր բարեացակամ վերաբերմունքին մասին՝ կապուած Թուրքիա ապրող հայերու օրինական հարցերուն առընթեր ըսելով, որ անոնց շուրջ յիսուն առ հարիւրը Թուրքիա մնալու օրինական փաստաթուղթեր չունին: Էրտողան նոյնպէս անհանգիստ է ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի «պատրաստ ենք պատերազմի» խօսքով: Այս բոլոր յղումներուն իսկական թիրախը միայն Երեւանը չէ, այլ Մոսկուան, որուն հետ Թուրքիոյ իշխանաւորը լուրջ տարակարծութիւններ ունի: Քրտական խնդրէն, Սուրիոյ մէջ իր ստացած ծանր հարուածէն եւ Թուրքիան անհանգիստ ընող տնտեսական տագնապէն դուրս գալու համար Էրտողան կը խաղայ նոր խաղ մը: Անոր նպատակը Սուրիոյ հակամարտութեան մոխրագոյն տեսարանէն դուրս գալն ու Կովկասի մէջ հրդեհի մը կայծը տալով Մոսկուան անհանգիստ ընելն է: Այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ արցախեան ճակատներուն վրայ, նոր հուն մը տուաւ Էրտողանի ծրագրին: Աւելի ճիշդ՝ հունէն հանեց զինք: Հայ զինուորը կարողացաւ փայլուն կատարել իր պարտականութիւնը եւ ստիպել Թուրքիոյ նոր սուլթանին խօսիլ իրեն համար բացասական միաւորներ աւելցնող օրակարգերու մասին:
Մէկ կողմէ սուրիացի փախստականներուն վրայ «փող աշխատող» Անգարայի տէրը ոտքի ելած է հայերը Թուրքիայէն վռնտելու: Էրտողանի դժգոհ հայացքն ու անոր զայրացկոտ ելոյթը շատ բան կ'ըսեն նախապէս պատրաստուած ծրագրի ձախողութեան մասին:
Բացի այս բոլորէն, կարեւոր է լսել Մոսկուայի անմիջական արձագանքը, որովհետեւ Թուրքիոյ ղեկավարը կը խօսի «բոլոր թաթար»ներուն լեզուով: Այդ լեզուն եթէ գործօն տարր է, ապա ուրեմն Մոսկուայի հակազդեցութիւնը պիտի չուշանայ: Իսկ եթէ Էրտողանի ըսած խօսքերը հերթական խուսանաւումներ են, ապա յստակ է, որ հարիւր հազար հայերու պատմութիւնը եւս պարզապէս լարումը աւելի ամբողջական դարձնելու համար է:
Ի՞նչ ըսել Էրտողանին: Ի՞նչ պատասխանել նախագահի մը, որ Եւրոպայի անտարբեր աչքերուն առջեւ կը փորձէ բնաջնջումի ենթարկել Թուրքիոյ հարաւ- արեւելեան քիւրտ բնակչութիւնը:
Ռուս-թրքական ֆոնին վրայ կատարուող պարանաձգութիւնը այսօր նոր փուլի մը մէջ է: Ու այս փուլին եւս կարեւոր է ճիշդ գնահատականներ տալով հեռու պահել թրքական զայրոյթը արցախեան ճակատէն: Յաղթելու համար կարեւոր է տարանջատել թշնամիները եւ մանաւանդ բաց խօսիլ բարեկամին հետ: