image
Հրատապ լուրեր:

Ի՞նչ ըսել զայրացած Էրտողանին

Ի՞նչ ըսել    զայրացած Էրտողանին

Թուրքիոյ  նախագահը, անհանգիստ ըլլալով    արցախեան սահմանին  տեղի ունեցած  զարգացումներէն,     յարմար առիթ  գտած է   խօսելու   Թուրքիա ապրող   100  հազար  հայերուն մասին: Էրտողան, որ  այս   մասին յայտարարութիւնը կատարած է  Խրուաթիա, իր տուած  այցին ընթացքին գովերգած է իր    բարեացակամ վերաբերմունքին մասին՝ կապուած  Թուրքիա   ապրող հայերու օրինական  հարցերուն   առընթեր ըսելով,  որ  անոնց  շուրջ յիսուն առ հարիւրը    Թուրքիա մնալու  օրինական  փաստաթուղթեր չունին:  Էրտողան  նոյնպէս անհանգիստ է ՀՀ նախագահ  Սերժ Սարգսեանի «պատրաստ ենք պատերազմի»  խօսքով: Այս բոլոր յղումներուն  իսկական   թիրախը միայն Երեւանը չէ, այլ Մոսկուան, որուն հետ    Թուրքիոյ իշխանաւորը  լուրջ տարակարծութիւններ ունի: Քրտական խնդրէն, Սուրիոյ  մէջ իր  ստացած ծանր հարուածէն եւ   Թուրքիան  անհանգիստ ընող  տնտեսական     տագնապէն    դուրս  գալու համար Էրտողան  կը խաղայ նոր խաղ մը:   Անոր  նպատակը    Սուրիոյ  հակամարտութեան  մոխրագոյն տեսարանէն դուրս  գալն ու    Կովկասի մէջ  հրդեհի մը կայծը տալով   Մոսկուան  անհանգիստ ընելն է:   Այն, ինչ որ       տեղի ունեցաւ արցախեան   ճակատներուն վրայ,  նոր  հուն մը  տուաւ   Էրտողանի ծրագրին: Աւելի ճիշդ՝  հունէն  հանեց  զինք:  Հայ զինուորը կարողացաւ փայլուն կատարել իր  պարտականութիւնը եւ   ստիպել  Թուրքիոյ նոր սուլթանին   խօսիլ  իրեն համար  բացասական միաւորներ    աւելցնող    օրակարգերու մասին:

Մէկ կողմէ սուրիացի փախստականներուն վրայ «փող աշխատող»    Անգարայի տէրը   ոտքի ելած է  հայերը  Թուրքիայէն վռնտելու:   Էրտողանի   դժգոհ հայացքն ու անոր  զայրացկոտ ելոյթը շատ բան կ'ըսեն նախապէս  պատրաստուած ծրագրի  ձախողութեան մասին: 

Բացի  այս բոլորէն,   կարեւոր է լսել Մոսկուայի  անմիջական  արձագանքը, որովհետեւ Թուրքիոյ ղեկավարը կը խօսի «բոլոր թաթար»ներուն լեզուով:  Այդ լեզուն  եթէ  գործօն տարր է,  ապա ուրեմն  Մոսկուայի հակազդեցութիւնը  պիտի չուշանայ: Իսկ եթէ Էրտողանի     ըսած խօսքերը  հերթական խուսանաւումներ են, ապա   յստակ է, որ   հարիւր հազար  հայերու պատմութիւնը  եւս     պարզապէս լարումը  աւելի  ամբողջական դարձնելու համար է: 

 Ի՞նչ  ըսել  Էրտողանին: Ի՞նչ պատասխանել  նախագահի մը, որ    Եւրոպայի  անտարբեր աչքերուն առջեւ կը փորձէ բնաջնջումի ենթարկել Թուրքիոյ հարաւ- արեւելեան    քիւրտ բնակչութիւնը:

Ռուս-թրքական  ֆոնին վրայ  կատարուող  պարանաձգութիւնը  այսօր  նոր փուլի մը մէջ է: Ու այս փուլին  եւս  կարեւոր է  ճիշդ  գնահատականներ  տալով  հեռու  պահել  թրքական  զայրոյթը  արցախեան ճակատէն:    Յաղթելու համար    կարեւոր է տարանջատել  թշնամիները  եւ  մանաւանդ    բաց  խօսիլ  բարեկամին հետ: