Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ վերջին անգամ ըլլալով զգուշացուցած է Տումայի մէջ տեղակայուած «Ժայշ Ալ Իսլամ» զինեալները Դամասկոսի խաղաղ բնակչութեան շրջանները հրթիռարձակման ենթարկելու կապակցութեամբ:
Յիշեցնենք, որ անցնող օրերուն «Իսլամական բանակը» խախտած է համաձայնութիւնը եւ հրթիռներ արձակած Դամասկոսի փողոցներուն մէջ, որուն հետեւանքով զոհուած են ինը եւ վիրաւորուած 23 անձեր:
Այս ռմբակոծումներու հետեւանքով մեծ վնասներ արձանագրուած են Ումաուիին եւ Ապասիին հրապարակի վրայ, ինչպէս նաեւ Մազէյի մէջ: Նշուած է, թէ հրթիռակոծման փորձեր կատարուած են նաեւ նախագահական Պալատի շուրջ:
Իր կարգին «Ալ Տիար» պարբերականը կը յայտնէ, որ վերջին օրերու զարգացումներէն ետք նախագահ Ասատ բանակի յայտէնի զօրավարներէն զօր. Սուհէյլ Ալ-Հասնէն, (յայտնի «Վագր» ծածկանունով) պահանջած է Տումայի ուղղութեամբ արագ եւ կտրուկ ծրագիրներու պատրաստութիւնը ապահովելու համար Դամասկոսի խաղաղութիւնը եւ անվտանգութիւնը: