Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութեանց ոչ գոհացուցիչ արդիւնքներ գրանցելէ ետք «Ալ Մուսթաքպալ» հոսանքը վերատեսութեան կ'ենթարկէ իր «քատրային» համակարգը:
Այս մասին կը գրէ «Lebanon 24» լրատուական կայքը նշելով, որ վարչապետ Սաատ Հարիրիի գրասենեակի ղեկավար Նատէր Հարիրի երէկ «անսպասելիօրէն» իր հրաժարականը ներկայացուցած է:
Աղբիւրը կը նշէ նաեւ, որ Նատէր Հարիրիի «ինքնակամ» հրաժարականէն ետք Լիբանանի սիւննիներու ուժեղագոյն քաղաքական միաւոր համարուող «Ալ Մուսթաքպալ»ի գլխաւոր քարտուղարութիւնը երէկ երկու յայտարարութիւն հրապարակած է, որոնցմէ առաջինին համաձայն, Սաատ Հարիրի պաշտօնանկ յայտարարած է իր գրասենեակի հսկողութեան վարչութեան ղեկավար Մահեր Ապու Ալ Խուտուտը, մինչդեռ երկրորդին մէջ նշուած է, թէ բոլոր ընտրատեղամասերուն մէջ ընտրական գործընթացին հետեւելով շարժման ղեկավար Սաատ Հարիրի որոշած է պաշտօնազրկել ընտրարշաւի ղեկավար Ուիսամ Հարիրին:
Յիշեցնենք, որ Նատէր Հարիրի կեդրոնական դեր ունեցած է Սաատ Հարիրիի եւ «Ազգային ազատ հոսանք»ին միջեւ համաձայնութիւն կնքելու առընթեր, որուն հիմամբ ալ զօր. Միշէլ Աուն ընտրուեցաւ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ: