image
Հրատապ լուրեր:

«Իմ Քայլը» չընդունեց Արցախի ապագային կապուած յայտարարութիւնը

«Իմ Քայլը» չընդունեց Արցախի ապագային կապուած յայտարարութիւնը

Հայաստանի Հանրապետութիւնը Արցախի ապագային առնչուող որեւէ փաստաթուղթ ինքնուրոյն չէ հռչակած, որ առնուազն ինքն իրեն համար հասկնայ՝ ինչ է Արցախը, ինչ նպատակներ կան Արցախի ապագայի հետ կապուած,այս յայտարարութիւնը այդքանով կարեւոր էր․ այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է ԱԺ անկախ պատգամաւոր Թագուհի Թովմասեանը:

«Մենք ուրուագծել ենք որոշակի բաներ, որոշակի թէզեր եւ ճակատագրական ձեւակերպումներ, որոնք պէտք է անպայման տեղ գտնեն ՀՀ արտաքին քաղաքական օրակարգում: Այս յայտարարութեան նախագիծը ներառուած էր Յունիսի 15-ի քառօրեայ նիստերի հերթական օրակարգում, բայց այդ օրերին մարդիկ զբաղուած էին քարոզարշաւով եւ քուորում չկար»,- ըսած է Թագուհի Թովմասեանը:

Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ ՀՀ ԱԺ-ն կը դատապարտէ Ատրպէյճանի մէջ հայատեացութիւնը, եւ թշնամանքի պատճառով տարածաշրջանին մէջ  նոր պատերազմ հրահրուած է, ուր ատրպէյճանական կողմէն օգտագործուած է արգիլուած զէնքեր եւ նշուած է Արցախի ապագային առնչուող թէզեր: Թագուհի Թովմասեանը ընդգծած է, որ մինչ այժմ «Իմ քայլը» խմբակցութիւնը  ժամանակ չի գտներ այս յայտարարութիւնը ընդունելու համար:

«Այս փաստաթուղթին իրենց դրական եզրակացութիւնը տուած էին ինչպէս ՀՀ ԱԳՆ-ն, որը մէկ ամսից աւելի է գոյութիւն չունի, իր քուէարկութեամբ համաձայնութիւն էր տուել արտաքին գործերի յանձնաժողովը, ինչպէս նաեւ կառավարութեան միւս գերատեսչութիւնները, բայց այս փաստաթուղթը չընդունուեց հեռացող խորհրդարանի կողմից»,- նշած է ան: