Լիբանանեան «Հըզպալլա»ին պատկանող «Իհլամ հարպի» գործակալութիւնը այսօր հրապարակած է իր դիրքերէն փախուստի դիմած «Տահէշ» ահաբեկչական խմբաւորմին պատկանող թողոն մը:

Աղբիրը յայտնած է, որ «Տահէշ»ի պատկանող նման թողոններ մօտիկ ապագային եւս կրնան յայտնաբերուիլ տրուած ըլլալով, որ խմբաւորումը յայտնուած է բաւական բարդ դրութեան մը մէջ եւ անոր զինեալները կամ կը յանձնուին կամ ալ փախուստի կը դիմեն:

Ինչպէս մեր տեղադրած լուսանկարներուն մէջ ալ երեւելի կը դառնայ, որ այդ թողոնին մաս կը կազմեն ահաբեկչկան գործողութիւններ կատարելու ունակ սարքեր, ուժանակներ, հեռակավարման մեթոտով գործող պայթումի սարքեր, ականներ եւ «Տահէշ»ին յատուկ հագուստներ:
Նշենք, որ այս թողոնը գտնուած է Սուրիոյ Գալամոն շրջանին մօտ: