Սուրիոյ բանակի եւ զինուած ուժերու գլխաւոր հրամանատարութիւնը յայտնած է, որ բանակը, դաշնակից ուժերու աջակցութեամբ, Հոմսի հիւսիսային եւ Համայի հարաւային արուարձաններու ազատագրման գործողութիւնները շարունակելով արդէն 1200քմ2 իր տիրապետութեան տակ առնելով 65 գիւղի եւ գիւղաքաղաքի մէջ խաղաղութիւնը վերահաստատած է:
«Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքին համաձայն, նշուած շրջաններէն զինեալ ահաբեկիչները դուրս եկած են յանձնելով իրենց ծանր եւ միջին ծանրութեան զէնքերը:
Բանակի հրամանատարութեան յայտարարութեան մէջ նշուած է նաեւ, որ Հոմսի հիւսիսային եւ Համայի հարաւային արուարձաններու ազատագրումը կը կարեւորուի այդ շրջաններու աշխարհագրական դիրքով, որ տարբեր նահանգներու միջեւ տարանցիկ ճանապարհ կը հանդիսանայ: Յիշեալ շրջաններու ազատագրման շնորհիւ բանակի տիրապետութեան տակ անցած են նաեւ Ռասթան եւ Հաուլա ամբարտակերը, վերջ տալով ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ ռազմավարական եւ կենցաղային անհրաժեշտութիւն կազմող կառոյցները վնասելու սպառնալիքին: