Սուրիոյ Հոմս նահանգը շուտով պիտի յայտարարէ «Տահէշ»ի ահաբեկիչներէն լիովին դատարկուաած ըլլալը: Այս մասին լուրը կը փոխանցէ Սուրիոյ պետական «Սանա» գործակալութիւնը նշելով նաեւ, որ Սուրիաոյ բանակի միաւորները Հոմսի արեւելեան արուարձանի՝ շրջափակման տակ մնացող «Ճըպ Ալ-Ճարրահ» շրջանին մէջ կը շարունակեն ռազմական գործողութիւններ իրականացնել «Տահէշ»ի ահաբեկիչներուն դէմ:
Աղբիւրը յայտնած է, որ ըստ Հոմսի մէջ գործող իր թղթակցին, Սուրիոյ բանակի միաւորները դաշնակից ուժերու հետ համատեղ, «Ճըպ Ալ-Ճարրահ»ի մէջ կը շարունակեն «Տահէշ»ի դէմ յաջող գոծողութիւններ իրականացնել եւ այդ ռազմերուն շնորհիւ բանակը յաջողած է տիրապետել Ռահում, Ապու Հաուատիտ եւ Ֆաու Շաուիշ գիւղերուն վրայ:
Մարտերուն ընթացքին սպաննուած են մեծ թիւով ահաբեկիչներ եւ ոչնչացուած «Տահէշ»ի պատկանող մեծ քանակութեամբ զինամթերք: