image

Հոմս շուտով պիտի դառնայ ահաբեկիչներէ զերծ քաղաք

Հոմս  շուտով  պիտի դառնայ  ահաբեկիչներէ  զերծ քաղաք

Սուրիոյ  Հոմս նահանգը շուտով պիտի յայտարարէ «Տահէշ»ի ահաբեկիչներէն լիովին դատարկուաած ըլլալը: Այս   մասին լուրը  կը փոխանցէ  Սուրիոյ  պետական «Սանա» գործակալութիւնը նշելով նաեւ, որ Սուրիաոյ բանակի միաւորները Հոմսի արեւելեան արուարձանի՝ շրջափակման տակ մնացող «Ճըպ Ալ-Ճարրահ» շրջանին մէջ կը շարունակեն ռազմական գործողութիւններ իրականացնել «Տահէշ»ի ահաբեկիչներուն դէմ:

 Աղբիւրը   յայտնած է, որ  ըստ Հոմսի  մէջ գործող իր թղթակցին, Սուրիոյ բանակի միաւորները դաշնակից ուժերու հետ համատեղ, «Ճըպ Ալ-Ճարրահ»ի մէջ կը շարունակեն «Տահէշ»ի դէմ յաջող գոծողութիւններ իրականացնել եւ այդ ռազմերուն շնորհիւ բանակը  յաջողած է տիրապետել  Ռահում, Ապու Հաուատիտ եւ Ֆաու Շաուիշ գիւղերուն վրայ:

Մարտերուն  ընթացքին սպաննուած են մեծ թիւով ահաբեկիչներ եւ ոչնչացուած «Տահէշ»ի պատկանող մեծ քանակութեամբ զինամթերք: