image

Հոլլանտ. 10 Հազար զինուորներ պիտի հսկեն ապահովութեան

Հոլլանտ.   10  Հազար  զինուորներ  պիտի  հսկեն   ապահովութեան

Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ պատկերասփռուած  պատգամ մը տալով յայտնեց, թէ 10 հազար յաւելեալ զինուորներ պիտի ստանձնեն  երկրի ապահովութիւնը: Հոլլանտ նաեւ նկատել տուաւ, որ Ֆրանսա  աւելիով  պիտի   ամրացնէ իր ներկայութիւնը Սուրիոյ  եւ Իրաքի  մէջ:  Նշենք, որ աւելի վաղ  Հոլլանտ  3 ամիսով   յետաձգած էր   երկրին մէջ  գործող  ահազանգային վիճակին պահպանութիւնը: Յիշեցնենք, որ Նիսի մէջ   գործուած ահաբեկչութեան հետեւանքով երէկ զոհուածներուն թիւը  հասած էր 84-ի,  իսկ վիրաւորներունը ՝ 130-ի: Կը հաղորդուի նաեւ, որ   վիրաւորներուն  18-ին  վիճակը  ծանր է: Ահաբեկիչ  զինեալ մը    բեռնատար  կառքով ներրխուժած էր Նիսի մէջ Ֆրանսայի անկախութեան  տօնը նշող բազմութեան վրայ: Ֆրանսայի ոստիկանութեան մէկ բանբերը յայտնած էր, թէ  եղած  յարձակումին զուգընթաց ոստիկանութիւնը յաջողած էր  ձախողցնել  ահաբեկչկական այլ 6 գրոհներ: